Հայաստանի մէջ ԵՄ-ի առաքելութիւնը նշած է իր 5000-րդ հսկողութիւնը
Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) առաքելութիւնը Ապրիլ 2-ին հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր կը նշուի թէ ան բոլորած է իր 5000-րդ հսկողութիւնը:
Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) առաքելութիւնը Ապրիլ 2-ին հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր կը նշուի թէ ան բոլորած է իր 5000-րդ հսկողութիւնը:
«Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը այսօր հպարտութեամբ կը նշէ կարեւոր իրադարձութիւն մը՝ առաքելութեան հիմնադրումէն ի վեր մենք բոլորեցինք մեր 5000-րդ հսկողութիւնը: Մեր յանձնառութիւնն է աջակցիլ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան։ Շնորհակալ ենք մեզի ցուցաբերուած վստահութեան համար»,– ըսուած է առաքելութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Աղբիւրը՝ Նոր Յառաջ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
04/04/2025, 07:58