Դեսպան Պորիս Սահակեան հաւատարմագրերը յանձնեց Փորթուկալի Հանրապետութեան նախագահին
31 Մարտ 2025ին Փորթուկալի մէջ Հանրապետութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ և լիազօր դեսպան Պորիս Սահակեան իր հաւատարմագրերը յանձնեց Փորթուկալի Հանրապետութեան նախագահ Մարսելու Ռեբելու ՏԷ Սոուզային:
Պաշտօնական արարողութեան հետևած կարճատև առանձնազրոյցի ընթացքին Փորթուկալի նախագահը յաջողութիւններ մաղթած է դեսպանին իր առաքելութեան մէջ՝ յոյս յայտնելով, որ վերջինիս նշանակումը կը ծառայէ երկու երկիրներու և ժողովուրդներու միջև ձևաւորուած բարեկամական և համագործակցային կապերու յետագայ ամրապնդման ու զարգացման:
Զրուցակիցները մեծապէս կարևորեցին հայազգի մեծանուն գործարար, բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի նշանակալից աւանդն ու դերը՝ որպէս կամուրջ երկու պետութիւններու միջև կապերու ամրապնդման հարցին մէջ:
Յայտնենք` որ Տիար Պորիս Սահակեանը կը վարէ նաեւ Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ արտակարգ և լիազօր դեսպանի պաշտօնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ