MAP

TURKEY-POLITICS-OPPOSITION-DEMO

Իմամօղլու պաշտօնապէս ձերբակալուեցաւ եւ ամբաստանուեցաւ

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը երէկ առկախեց Իմամօղլուի իբրեւ Պոլսոյ քաղաքապետ պաշտօնավարումը:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի աւագ մրցակից, Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլու պաշտօնապէս ձերբակալուեցաւ եւ փտածութեամբ ամբաստանուեցաւ` «քրէական կազմակերպութիւն ստեղծելու եւ կազմակերպելու, կաշառք վերցնելու, կեղեքում կատարելու, ապօրինի կերպով անձնական տուեալներ արձանագրելու եւ աճուրդներ խարդախելու յանցանքներով»:

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը երէկ առկախեց Իմամօղլուի իբրեւ Պոլսոյ քաղաքապետ պաշտօնավարումը:

Դատախազները նաեւ կ՛ուզեն զինք ամբաստանել «ահաբեկչական կազմակերպութեան մը օգնելու յանցանքով», սակայն թրքական դատարանը յայտնեց, թէ ատիկա «ներկայ փուլին անհրաժեշտ չէ»:

Նշենք, որ անոր կուսակցութիւնը` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը անցեալ տարի տեղական ընտրութիւններուն դաշնակցած է քրտամէտ Ժողովուրդներու հաւասարութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան (ՏԵՄ) հետ, որ կ՛ամբաստանուի Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) առնչուած ըլլալու յանցանքով:

Ան կը հերքէ ամբաստանութիւնները եւ կ՛ըսէ, թէ անոնք քաղաքական դրդապատճառ ունին: Անոր կալանաւորումը Թուրքիոյ մէջ յառաջացուցին տասնամեակի մը ընթացքին մեծագոյն ցոյցերը, որոնց ընթացքին ցուցարարներ բարձրացուցած էին Թալէաթի եւ Էնվերի լուսանկարները:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/03/2025, 07:32