MAP

2025.03.20 Siria, Damasco. Delegazione affari religiosi visita la sede della diocesi armeno cattolica

Կրօնից հարցերու պատուիրակութիւն մը այցելեց Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարան

Յարգալից մթնոլորտի մը մէջ անցած հանդիպման աւարտին կողմերը որոշած են հերթական դարձնել սոյն հանդիպումները եւ շարունակել տարբեր նիւթերու վերաբերեալ անկեղծ քննարկումները։

Սուրիոյ կրօնական փոքրամասնութիւնները, որոնց շարքին նաեւ մեր հայ հայրենակիցները կը շարունակեն ծանօթացման հանդիպումներ ունենալ երկրի նոր իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։

 Այս առումով ալ Դամասկոսի մէջ կարեւոր ճիգերով հանդէս կու գայ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Թեմի առաջնորդ Ահրի, Հ. Գէորգ եպս. Ասատուրեան, որուն անդուլ կամքին շնորհիւ օրերս Դամասկոսի կրօնից հարցերու պատասխանատուներ այցելութիւն տուած են Դամասկոսի հայ կաթողիկէ առաջնորդարան։

 Ստորեւ այս առիթով տրուած հաղորդագրութիւնը՝

 Օրերս Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդարան այցելեց  երկրի կրօնից հարցերու պատասխանատուներու պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունենալու Թեմիս առաջնորդին, ինչպէս նաեւ քննարկելու կողմերը յուզող հարցերը։ 

Սոյն հանդիպման իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ Արհ Հ. Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Արհ. Հ. Ժիհատ եպս. Պաթահ, Մոնս. Հ. Միշել Ֆրէյֆը, Հայր Ֆիրաս Լութֆի, Հայր Ֆարիտ Պութրոս եւ Մոնս.Ճորճ Պահէ։

  Յարգալից մթնոլորտի մը մէջ անցած հանդիպման աւարտին կողմերը որոշած են  հերթական դարձնել սոյն հանդիպումները եւ շարունակել տարբեր նիւթերու վերաբերեալ անկեղծ քննարկումները։

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2025, 08:07