Ռամատանը աղօթքի եւ հաշտութեան ժամանակ յանուն արարչագործութեան բարօրութեան
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ռամատանը եւ մեծ պահքը մահմետականներու եւ քրիստոնեաներուն համար կը ներկայացնեն խոր մտորումներ եւ ծոմապահութեան շրջան, որուն ընթացքին հաւատացեալները կը հրաւիրուին խորհելու իրենց գոյութեան եւ Արարչագործութեան հետ իրենց յարաբերութիւններուն մասին։
Կրօններուն ընկերաբան Մուստաֆա Զէնապ Այտնը նշեց, որ այս տարի Ռամատանը կը սկսի մարտ մէկին եւ հինգ օրով կը նախորդէ քրիստոնեաներուն պահքին, որ կը սկսի մարտ 5ին։ Այս զուգադիպումը կը խորհրդանշէ «ողջագուրում երկու եղբայրներուն միջեւ» եւ կը ներկայացնէ միջ կրօնական երկխօսութեան հնարաւորութիւն, ինչպէս ընդգծուած է մարդկային Եղբայրութեան մասին Ապու Տապիի փաստաթուղթին մէջ, նշեց Այտընը։
Ռամատանի եւ ծոմապահութեան երկու ժամանակաշրջանները յատկանշուած են ոչ միայն ծոմապահութեամբ այլ հոգեւորականութեամբ եւ խորհրդածութիւններով։ Ռամատանի ընթացքին մահմետականները կը կարդան յատուկ աղօթքներ եւ ժամանակ կը տրամադրեն Սուրբ Գիրքի շուրջ խորհրդածութեան։ Նմանապէս Չորեքշաբթի մոխրոց օրը քրիստոնեաներուն համար կը նշէ Մեծ Պահքին ուղեւորութեան սկիզբը։
Կրօններուն ընկերաբան Մուստաֆա Զէնապ Այտն իր փափաքը յայտնեց աղօթելու ֆրանչիսկոս Պապին համար՝ գնահատելով Քահանայապետի աղօթքի եւ խաղաղութեան նուիրումը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ