MAP

Ռուսիոյ նախագահ Փութին Ռուսիոյ նախագահ Փութին  (ANSA)

Փութին կ՛առաջարկէ Ուքրանիոյ մէջ ժամանակաւոր արտաքին կառավարութիւն հաստատել եւ նոր ընտրութիւններ կատարել

Ըստ Փութինի, ընտրութիւններէն ետք կարելի է սկսիլ խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ բանակցութիւններուն:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ըսած է, որ Ռուսիոյ համար հասկնալի չէ, թէ ուքրանական կողմէն որո՛ւ հետ պէտք է որեւէ համաձայնագիր ստորագրէ, որովհետեւ «վաղը այնտեղ պիտի գան այլ ղեկավարներ»: Ան առաջարկած է քննարկել ՄԱԿ-ի եւ քանի մը երկիրներու հովանիին տակ Ուքրանիոյ մէջ ժամանակաւոր կառավարման ներդրման հարցը` այնտեղ ընտրութիւններ կատարելու համար: Այս մասին կը գրէ «Քոմերսանթ»-ը:

Ըստ Փութինի, ընտրութիւններէն ետք կարելի է սկսիլ խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ բանակցութիւններուն:

«Կարելի է ՄԱԿ-ի հովանիին տակ Միացեալ Նահանգներու, նոյնիսկ եւրոպական երկիրներու հետ, ի հարկէ, մեր գործընկերներուն եւ ընկերներուն հետ քննարկել Ուքրանիոյ մէջ ժամանակաւոր կառավարման ներդրման կարելիութիւնը… որպէսզի տեղի ունենան ժողովրդավարական ընտրութիւններ, իշխանութեան գայ ժողովուրդի վստահութիւնը վայելող ունակ կառավարութիւն», ըսած է ան:

Ռուսիոյ նախագահը յիշեցուցած է, որ Արեւելեան Թիմորի, Նոր Կինէի եւ նախկին Եուկոսլաւիոյ որոշ մասերու մէջ ՄԱԿ-ի հովանիին տակ արտաքին կառավարման ներդրման նախադէպեր արդէն եղած են: Բայց եւ այնպէս, ան նշած է, որ «ասիկա տարբերակներէն միայն մէկն է»` աւելցնելով. «Ես չեմ ըսեր, որ ուրիշները չկան: Կացութիւնը արագ կը փոխուի»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/03/2025, 09:00