MAP

2023.09.23 Schweiz Bischöfe Missbrauch Svizzera Parlamento Vescovi Studio abusi

Զուիցերիոյ խորհրդարանը կողմ քուէարկած է ԼՂ-ի համար Խաղաղութեան ֆորումի ստեղծման

Օրինագիծին կողմ քուէարկած են Խորհուրդի 46 անդամներէն 29-ը։

Մարտ 18-ին, Զուիցերիոյ խորհրդարանի վերին պալատը՝ Գաւառներու խորհուրդը, կողմ քուէարկած է Լեռնային Ղարաբաղի համար Խաղաղության ֆորումի ստեղծման, ընդունած է «Լեռնային Ղարաբաղի համար Խաղաղութեան համաժողով. հայերու վերադարձի կարելիութեան ապահովում» խորագրեալ բանաձեւը։

Օրինագիծին կողմ քուէարկած են Խորհուրդի 46 անդամներէն 29-ը։

Փաստաթուղթին մէջ  նշուած է. «Խորհրդարանականները Զուիցերիոյ իշխանութիւններուն կոչ կ’ընեն հիմնելու առանձին հարթակ՝ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն միջեւ երկխօսութեան կազմակերպման համար»։

Այս նախաձեռնութեան նպատակն է ապահովել բռնի տեղահանուած հայ բնակչութեան ապահով, հաւաքական եւ արժանապատիւ վերադարձը իրենց պատմական հայրենիքը»։

Այս բանաձեւը անցեալ Դեկտեմբեր 17-ին արժանացած էր խորհրդարանի ներքին պալատի՝ Ազգային խորհուրդի հաւանութեան։

Դաշնակցային խորհուրդի երկու պալատներու կողմէ հաւանութեան արժանանալէ ետք փաստաթուղթը պիտի ստանայ օրէնքի ուժ։

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/03/2025, 08:29