MAP

Եւրոպական խորհրդարանը Եւրոպական խորհրդարանը  (AFP or licensors)

Եւրոպական խորհրդարանը այսօր լիագումար նիստի ընթացքին պիտի քննարկէ Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող Հայերու հարցը

Սթրազպուրկի մէջ Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստի ծիրին մէջ այսօր տեղի պիտի ունենայ քննարկում Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներու վերաբերեալ:

Սթրազպուրկի մէջ Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստի ծիրին մէջ այսօր տեղի պիտի ունենայ քննարկում Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներու վերաբերեալ:

Պրիւքսելի մէջ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին համաձայն, Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստի ընթացքին մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան խախտման դէպքերու վերաբերեալ քննարկումներու ծիրին մէջ եւրոպացի խորհրդարանականներու ուշադրութեան կեդրոնը պիտի ըլլան նաեւ Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիները` «Ազրպէյճանի կողմէ հայ պատանդներու, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի բարձրագոյն քաղաքական ներկայացուցիչներու անօրինական ձերբակալութիւններն ու կեղծ դատավարութիւնները» խորագիրին տակ:

Նոյն հարցին առնչութեամբ հրատապ բանաձեւը քուէարկութեան պիտի դրուի 13 մարտին:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/03/2025, 08:50