MAP

Palestinians flee northern Gaza after Israeli army issues evacuation orders

Իսրայէլեան Բանակ. «Կազայի հիւսիսը ցամաքային գործողութեան սկսանք»

Իսրայէլ երեքշաբթի արշալոյսին վերսկսաւ Կազայի վրայ իր օդային յարձակումներուն` պատճառելով բազմահարիւր զոհեր եւ վիրաւորներ

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց «Կազայի հիւսիսը ցամաքային գործողութեան սկիզբը` շարունակելով Կազայի տարբեր շրջաններու վրայ օդային յարձակումները»:

Իսրայէլեան բանակը նշեց, որ ներքին հետախուզութեան` Շապաքի հետ յարձակում գործած է Պէյթ Լահիայի մէջ Համասի պատկանող ենթակառոյցներու եւ հակահրասայլային հրթիռներու արձակման կէտերու վրայ:

Նշենք, որ Իսրայէլ երեքշաբթի արշալոյսին վերսկսաւ Կազայի վրայ իր օդային յարձակումներուն` պատճառելով բազմահարիւր զոհեր եւ վիրաւորներ:

Համասի զինեալ թեւը` Քասսամի փաղանգները յայտարարեցին, որ «Էմ-90» հրթիռներով հրթիռակոծած են Թել Աւիւը` «հակադարձելով քաղաքայիններու դէմ ջարդերուն»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Կազայէն հրթիռարձակման հետեւանքով Թել Աւիւի «Պեն Կորիոն» օդակայանը դադրեցուցած է իր աշխատանքը:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/03/2025, 07:30