MAP

2024.03.22 Celebrazione della Giornata mondiale dell'acqua

Մարտ 22-ին ջուրի համաշխարհային օրն է

Ըստ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի հինգ տարեկանէն վար աւելի քան հազար մանուկ ամէն օր կը մեռանին ջուրի եւ անբաւարար մաքրութեան պայմաններու հետ կապուած հիւանդութիւններու պատճառաւ։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Ամէն տարի մարտ 22-ին աշխարհի շատ մը երկիրներուն կը նշուի Ջրային պաշարներու համաշխարհային օրը կամ Ջուրի համաշխարհային օրը:

Աշխարհի մէջ ըստ որոշ տուեալներու կայ գրեթէ երկու միլիառ մարդ որ կարելիութիւն չունի ըմպելի ջուրէն օգտուելու։ Ըստ կանխատեսումներու՝ ջուրի համաշխարհային պահանջարկը մինչև 2050թ պիտի աճի 55 տոկոսով։

Օրը սահմանուած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի կողմէն 1993թ. փետրուարի 22-ին։

Ջուրի այս համաշխարհային օրը կոչուած է հասարակութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելու ջրային նպատակներու վիճակի ու խնդիրներու վրայ՝ կապուած վերջիններուս վերականգնման ու պահպանութեան հետ, ինչպէս նաև ձեռնարկելու անհրաժեշտ քայլեր բնակչութեան հասանելի դարձնելու ու ապահովելու խմելու ջուր։

Ըստ ԵՈՒՆԻՍԷՖ-ի հինգ տարեկանէն վար աւելի քան հազար մանուկ ամէն օր կը մեռանին ջուրի եւ անբաւարար մաքրութեան պայմաններու հետ կապուած հիւանդութիւններու պատճառաւ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/03/2025, 07:59