MAP

Cerimonia al Quirinale per la Giornata Internazionale della Donna

Կանանց Միջազգային Օրուան ընդառաջ

Ճիշտ ժամանակին եւ ճիշտ աջակցությամբ դեռահաս աղջիկները կարող են վերափոխել մեր աշխարհը․ ԵԱՒՆՈՒՍԵՖի Ընդհանուր Տնօրէն։ 8 Մարտի ընդառաջ՝ Մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի եւ մտորումներու միջազգային Օրուան ցանցը հանդէս եկած է ընդդէմ մարդավաճառոթեան գործողութեան կոչով՝ «call to action» ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

8 Մարտին ողջ աշխարհը պիտի նշէ Կանանց միջազգային Օրը։ Այդ առթիւ «ԵՈՒՆԻՍԵՖ», «Միջազգային Ծրագիր» եւ «ՄԱԿի Կանայք» կազմակերպութիւնները հրատարակած են զեկոյց մը, որուն տիտղոսն է «Դեռահաս աղջիկներու նպատակները. ի՞նչ է փոխուած աղջիկներու համար», ուր կը ներկայացուի դեռահաս աղջիկներու կեանքի վերջին 30 տարիներու պատկերը, այսինքն՝ 1995 թուականին Փեքինի մէջ կայացած հաւաքին 189 կառավարութիւններու կողմէ հաստատուած Գործողութիւններու ծրագիրէն ի վեր:

122 միլիոն աղջիկներ տակաւին ուսում չեն ստանար

«Չնայած վերջին երեք տասնամեակի ընթացքին զգալի ձեռքբերումներուն՝ «122 միլիոն աղջիկներ տակաւին ուսում չեն ստանար եւ անպատրաստ են ապագային», մինչ «50 միլիոնը ենթարկուած է սեռական բռնութեան», գրուած է զեկոյցին մէջ, որմէ քաղուած որոշ տուեալներ կը ներկայացնենք ստորեւ ․

• 15-էն 19 տարեկան դեռահաս աղջիկներու եւ տղաներու աւելի քան մէկ երրորդը կը կարծէ, որ ամուսինն արդարացուած է որոշակի հանգամանքներէն ներս կնոջը ծեծելու մէջ:

• Կանանց սեռական օրկաններու խեղման դէպքերը վերջին 30 տարիներու ընթացքին կրկնակի կրճատուած են տարբեր երկիրներու մէջ։ Այնուամենայնիւ, որպէսզի այն 2030ին վերանայ, այդ ընթացքը պէտք է արագանայ 27 անգամ ողջ աշխարհի մակարդակով:

• աշխարհի մէջ 5 աղջիկներէն մէկը կ’ամուսնանայ մանուկ հասակին,

• 39%-ով նուազած է դպրոց չյաճախող աղջիկներու թիւը, սակայն տակաւին 122 միլիոն աղջիկներ ամբողջ աշխարհի մէջ ուսում չեն ստանար։

Զեկոյցը ի վերջոյ կատարած է տարբեր առաջարկութիւններ՝ մասնաւորապէս յորդորած է կեդրոնանալ նպատակային համատեղ գործողութիւններու վրայ՝ աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնելով տնտեսական հզօրացմանը եւ ապահովելով, որ աղջիկներն ունենան իրենց բարգաւաճման համար անհրաժեշտ հմտութիւններ եւ գործիքներ:

«Դեռահաս աղջիկները հզօր ուժ են համաշխարհային փոփոխութիւններու համար: Ճիշտ ժամանակին ճիշտ աջակցութեամբ անոնք կարող են օգնել հասնելու Կայուն զարգացման նպատակներուն եւ վերափոխել մեր աշխարհը», նշած է ԵՈՒՆԻՍԵՖի Ընդհանուր Տնօրէն Քեթրին Ռասելը:

«ՄԱԿի Կանայք» կազմակերպութեան Ընդհանուր Տնօրէն Սիմա Պահուսը իր հերթին շեշտած է, որ․ «Բոլոր դեռահաս աղջիկներուն իշխանութիւն տալը ամէնէ ապահով ներդրումն է աւելի կայուն, արդար եւ խաղաղ աշխարհի համար»:

Ընդդէմ մարդավաճառութեան «գործողութեան կոչ»

2025 թուականի 8 Մարտին ընդառաջ նախաձեռնութիւններուն միացած է նաեւ Մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի եւ մտորումներու միջազգային Օրուան ցանցը, որ հանդէս եկած է ընդդէմ մարդավաճառութեան «գործողութեան կոչ»ով՝ «call to action» ։

Գործողութեան կոչը մշակուած էր երիտասարդներէն, վերապրածներէն եւ փորձագէտներէն կազմուած միջազգային խումբի մը կողմէ՝ անցեալ 8 Փետրուարին՝ Մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի եւ մտորումներու միջազգային 11րդ Օրուայ աւարտին։ Այդ Օրը հիմնուած է Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ 2015 թուականին։

Կիները ունին վէրքերը բուժելու պարգեւը․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Ֆրանչիսկոս Պապը իր Քահանյապետութեան օրօք բազմաթիւ անգամներ անդրադարձած է կանանց՝ իգական սեռին աւելի ընդարձակ տեղ ու ձայն տալու նպատակով։ 2017 թուականի 7 Մարտին՝ կրկին Կանանց Միջազգային տօնին նախօրեակին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ կը ներկայացուէր Մշակոյթի Քահանայապետական​​խորհուրդի (ներկայիս՝ Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութիւն) ծիրէն ներս Քահանայապետի ցանկութեամբ ստեղծուած «Կանանց խորհրդակցութիւն» մշտական​​մարմինը։

«Կիները ունին պարգեւը՝ բերելու այնպիսի իմաստութիւն, որ գիտէ թէ ինչպէս բուժել վէրքերը, ներել, նորէն յօրինել եւ վերանորոգել», 8 Հոկտեմբեր 2020ին «Կանանց խորհրդակցութեան» անդամներուն ուղղած իր պատգամին մէջ գրած էր Ֆրանչիսկոս Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/03/2025, 13:03