MAP

2024.04.06 Quartiere Armeno di Gerusalemme

Երուսաղէմի Հայկական թաղամասի «Կովերու Պարտէզ» կոչուող տարածքը կը շարունակէ մնալ պայքարի եւ բախումներու կեդրոն

«Կովերու պարտէզ»-ը իսրայէլեան կողմին պէտք էր անցնէր վիճայարոյց պայմանագիրով մը, որ կնքուած էր Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանին հետ, աւելի ուշ հայկական կողմը ամբողջովին չեղեալ յայտարարած էր պայմանագիրը եւ իր կարգին դատարան դիմած: Պարտէզը հայկական պահելու համար` տեղւոյն հայերը կը շարունակեն պայքարիլ:

Երուսաղէմի հայկական թաղամասի «Կովերու պարտէզ» կոչուող տարածքը կը շարունակէ մնալ պայքարի եւ բախումներու կեդրոն:

Նախորդ տարուան գարնան ոստիկաններու հսկողութեամբ տարածք եկած են «Կովերու պարտէզ»-ը 98 տարիով վարձակալած իսրայէլեան ընկերութեան խումբ մը ներկայացուցիչներ, որոնք աւերած են հերթապահութեան երկու տնակները:

«Կովերու պարտէզ»-ը իսրայէլեան կողմին պէտք էր անցնէր վիճայարոյց պայմանագիրով մը, որ կնքուած էր Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանին հետ, աւելի ուշ հայկական կողմը ամբողջովին չեղեալ յայտարարած էր պայմանագիրը եւ իր կարգին դատարան դիմած: Պարտէզը հայկական պահելու համար` տեղւոյն հայերը կը շարունակեն պայքարիլ:

«Կովերու պարտէզ»-ը կը գտնուի հայկական թաղամասի 25 առ հարիւրին վրայ: Իսրայէլեան «Քանսա Կարտընս» ընկերութիւնը ըստ այդ  վիճելի պայմանագիրին, կը փորձէ տիրանալ Հայոց պատրիարքարանի շինութիւններուն եւ հինգ տուներու` տեղը շքեղ պանդոկ կառուցելու նպատակով:

Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանը փաստած է, որ ինք պայմանագիրէն տեղեակ չէ եղած, ատոր կնքման համար կը մեղադրէ արդէն կարգալոյծ յայտարարուած միաբան մը:

Այբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/03/2025, 08:06