MAP

Russia: giornata di lutto nazionale per le vittime dell'attacco terroristico a Mosca

Քրեմլին. «Ռուս-Ամերիկեան յաջորդ բանակցութիւնները կիրակի օր կամ յառաջիկայ շաբթուան սկիզբը»

Փեսքով նշեց, որ ռուս-ամերիկեան յաջորդ բանակցութիւնները կրնան տեղի ունենալ կիրակի օր կամ յաջորդ շաբթուան սկիզբը, իսկ յառաջիկայ օրերուն Քիեւի հետ Ուաշինկթընի բանակցութիւնները նախատեսուած են:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց. «Պրիւքսելէն եւ եւրոպական մայրաքաղաքներէն եկող ցուցանիշերը կը վերաբերին Եւրոպայի ռազմականացման ծրագիրներուն: Եւրոպան ձեռնարկեց ինքզինք ռազմականացնելու եւ ձեւով մը (Ուքրանիոյ մէջ) պատերազմի կողմ դարձաւ»:

Փեսքով նշեց, որ ռուս-ամերիկեան յաջորդ բանակցութիւնները կրնան տեղի ունենալ կիրակի օր կամ յաջորդ շաբթուան սկիզբը, իսկ յառաջիկայ օրերուն Քիեւի հետ Ուաշինկթընի բանակցութիւնները նախատեսուած են:

«Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ բանակցութիւնները պիտի քննարկեն շարք մը հարցեր, որոնց շարքին` Սեւ ծովու նախաձեռնութեան շարունակութիւնը», ըսաւ ան:

Փեսքով նաեւ յայտնեց. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք Պրիւքսելէն Ուքրանիոյ մէջ կարգաւորման հոլովոյթին մասնակցելու իր փափաքին մասին ցուցանիշեր չստացանք»:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/03/2025, 07:24