Հարաւային Քորէայի մէջ ռմբաձիգը սխալմամբ 8 ռումբ նետած է քաղաքային շէնքերու եւ եկեղեցիի վրայ
Ռումբերը ինկած են տուներու եւ եկեղեցիի վրայ, վիրաւորներուն թիւը հասած է 15-ի:
Հարաւային Քորէայի օդուժի «Քէյ.Էֆ-16» ռմբաձիգը սխալմամբ 8 ռումբ նետած է քաղաքային շէնքերու վրայ, այդ պատճառով ալ արձանագրուած են վիրաւորներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Եոնհափ» լրատու գործակալութիւնը:
Դէպքը տեղի ունեցած է կրակի կիրարկումով ռազմափորձերու ժամանակ: «Քէյ.Էֆ-16» ռմբաձիգը իւրաքանչիւրը 225 քիլոկրամ կշիռով «Էմ.Քէյ.-82» ռումբեր արձակած է ռազմափորձի տարածքէն դուրս:
Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, ռումբերը ինկած են տուներու եւ եկեղեցիի վրայ, վիրաւորներուն թիւը հասած է 15-ի:
Աղբիւըր՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
07/03/2025, 09:22