MAP

2025.03.27 Conferenza su ruolo cristiani in Medio Oriente - Haydostyan

«Կրթութիւն, խաղաղութիւն եւ կամուրջ հաստատելու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն դերակատարութիւնը»

Վեր. Փօլ Հայտոսթեան ելոյթ ունեցաւ՝ «Քոլումպիա» Համալսարանին մէջ

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի տքթ. Փօլ Հայտոսթեան վերջերս այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Համալսարանի հիմնադրութեան 70-ամեակի յոբելենական շրջանին զուգադիպեցաւ այս ուղեւորութիւնը, որու ընթացքին ան ելոյթ մը ունեցաւ Քոլումպիայի համալսարանէն ներս։

Ան «Կրթութիւն, խաղաղութիւն եւ կամուրջ հաստատելու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն դերակատարութիւնը» նիւթին ձօնուած ելոյթով մը հանդէս եկաւ՝ «Faculty House»ի երդիքին տակ։

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր հիւրընկալ համալսարանի Հայկական կեդրոնին կողմէ։ Ծրագրի հովանաւորներու շարքին էին Լիզպոնի Կիւլպէնկեան հիմնարկն ու Ամերիկայի Հայ աւետարանչական կազմակերպութիւնը։ 

Բազմաթիւ հեղինակաւոր անձնաւորութիւններ հետեւեցան Հայտոսթեանի դասախօսութեան, որու ընթացքին ան ուշադրութիւն հրաւիրեց տարածաշրջանի քրիստոնէական հաստատութիւններուն վրայ՝ ներառեալ Հայկազեան համալսարանը։ Ան մեկնաբանեց առկայ մարտահրաւէրներն ու հնարաւորութիւնները՝ առանձնապէս կարեւորելով հանդուրժողականութեան սնուցումը, երկխօսութեան խթանումը, նաեւ մշակութային ու կրօնական պառակտումները կամրջելու միջոցաւ որակեալ կրթութիւն ապահովելու ուղղեալ ջանքերը։ 

Փոլ Հայտոսթեանի ներածական խօսքին յաջորդեց՝ բաւական աշխոյժ հարցում-պատասխանի բաժին մը։

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/03/2025, 08:00