Թրամփ-Փութին հեռաձայնային երկարատեւ հաղորդակցութիւն. Քրեմլին. «Փութին համաձայնեցաւ ենթակառոյցներուն վրայ 30 օր յարձակում չգործելու Թրամփի առաջարկին»
Երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ 1,5 ժամ տեւողութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն աւարտին Քրեմլին յայտարարեց, որ Փութին համաձայնած է Թրամփի` Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ ելեկտրական ենթակառոյցներուն վրայ յարձակումներու 30 օր տեւողութեամբ դադրեցման առաջարկին եւ այդ ուղղութեամբ ցուցմունք տուած է ռուսական բանակին:
Փութին նաեւ շինիչ պատասխան տուած է իր ամերիկացի պաշտօնակիցին Սեւ ծովուն մէջ նաւարկման անվտանգութեան վերաբերեալ նախաձեռնութեան գործադրութեան:
Երկու նախագահները փոխադարձ հետաքրքրութիւն արտայայտած են յարաբերութիւններու բնականոնացման նկատմամբ` աշխարհի վրայ անվտանգութեան երաշխաւորման յատուկ պատասխանատուութեան լոյսին տակ:
Քրեմլին նշեց, որ Թրամփ եւ Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին անդրադարձած են շարք մը միջազգային հարցերու, որոնց շարքին` Միջին Արեւելքի եւ Կարմիր ծովու շրջաններու խնդիրներուն:
Ռուսիոյ նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է իր ամերիկացի պաշտօնակիցին Ուքրանիոյ մէջ կռիւը եւ մարդկային կորուստները դադրեցնելու ազնիւ նպատակին իրագործման օժանդակելուն համար:
Փութին եւ Թրամփ քննարկած են շարք մը գաղափարներ, որոնց նպատակն է տնտեսութեան եւ ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ փոխադարձ շահ ապահովող գործակցութեան զարգացումը:
Անոնք ընդգծած են Ուքրանիոյ տագնապին վերջ տուող երկկողմանի կարգաւորման իրագործման անհրաժեշտութիւնը եւ համաձայնած, թէ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութիւնը պիտի սկսի ուժանիւթի եւ ենթակառոյցի ոլորտներուն վրայ կրակոցները դադրեցնելով:
Երկու ղեկավարները շեշտած են Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու անհրաժեշտութիւնը եւ որոշած ռուս ու ամերիկացի փորձագէտներէ կազմուած խումբեր կազմել` Ուքրանիոյ մէջ կարգաւորում իրագործելու համար:
Անոնք իրենց զրոյցի աւարտին համաձայնած են կապի մէջ մնալ:
Սպիտակ տունը իր կարգին յայտարարեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ անմիջապէս ընթացք պիտի առնեն ծովու վրայ զինադադար հաստատելու եւ Ուքրանիոյ մէջ համապարփակ զինադադար ու խաղաղութիւն հաստատելու շուրջ բանակցութիւնները:
Թրամփ եւ Փութին համաձայնած են, թէ ապագան «մեծ շահեր» պիտի ապահովէ, եթէ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւուին:
Երկու նախագահները ընդարձակօրէն խօսած են Միջին Արեւելքի մասին, իբրեւ ապագայ տագնապներու կանխարգիլման համար գործակցութեան շրջան:
Սպիտակ տունը նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնները պիտի յանգեցնեն տնտեսական մեծ գործարքներու եւ աշխարհաքաղաքական կայունութեան, անմիջապէս որ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութիւն հաստատուի:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ