MAP

FILE PHOTO: Istanbul Mayor Imamoglu gives testimony to judicial authorities in Istanbul

Պոլսոյ Քաղաքապետ Իմամօղլուն ձերբակալուած է

Պոլսոյ քաղաքապետը միակ թեկնածուն էր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն:

Պոլսոյ մէջ իրաւապահները լայնածաւալ գործողութեան սկսած են, ընդդիմադիր քաղաքապետ Էքրեմ իմամօղլուն ձերբակալելու հրաման տրուած է: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Սապահ» օրաթերթը:

«Պոլսոյ մայրաքաղաքի քաղաքապետարանին մէջ փտածութեան դէմ լայնածաւալ գործողութիւն սկսած է: Գործողութեան ծիրին մէջ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի եւ մամուլի հետ կապերու գծով անոր խորհրդական Մուրատ Էօնկիւնի ձերբակալութեան հրամանագիր տրուած է», կը նշուի հրապարակման մէջ:

Պոլսոյ համալսարանը երկուշաբթի օր, երկրի դատախազութեան համապատասխան հարցումէն ետք, որոշում տուած է չեղեալ նկատել Իմամօղլուի վկայականը, ինչ որ կը խոչընդոտէ անոր երկրի նախագահի պաշտօնին թեկնածութեան առաջադրումը:

Էքրեմ Իմամօղլու Պոլսոյ քաղաքապետի պաշտօնը կը վարէ մարտ 2019-էն ի վեր եւ կը նկատուի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւոր քաղաքական մրցակիցներէն մէկը:

Պոլսոյ քաղաքապետը միակ թեկնածուն էր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն:

«ՆեթՊլոքս» համացանցի դիտարկման միջազգային ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները սահմանափակած են որոշ ընկերային ցանցերու հասանելիութիւնը:

Ծառայութեան համաձայն, «ԵուԹիուպ»-ը, «ԹիքԹոք»-ը, «Էքս»-ը եւ «Ինսթակրամ»-ը Թուրքիոյ մէջ չեն գործեր:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Պոլսոյ քաղաքապետի ձերբակալութենէն ետք թրքական թղթոսկին մրցանշային անկում կրած է:

«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Պոլսոյ նահանգը երէկուընէ մինչեւ 23 մարտ ցոյցերը արգիլած է:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2025, 07:59