MAP

 Եւրոպական Միութեան մուտքի արտօնագիր Եւրոպական Միութեան մուտքի արտօնագիր 

Ապրիլին պիտի սկսի Հայաստանի հանրապետութեան քաղաքացիներու համար Եւրոպական Միութեան մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման Բանակցութիւններու յաջորդ փուլը

Եւրոպական խորհուրդը յուլիս 2024 թուականին Հայաստանի քաղաքացիներու համար մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման շուրջ Հայաստանի հետ երկխօսութեան սկսելու որոշում տուած է: Հայաստանը եւ Եւրոպական Միութիւնը 9 սեպտեմբեր 2024-ին յայտարարեցին Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու համար Եւրոպական Միութիւն մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման շուրջ երկխօսութեան մեկնարկի մասին:

Հայաստանի քաղաքացիներու համար Եւրոպական Միութեան մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուին: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին յայտարարեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Պարոյր Յովհաննիսեան` Ազգային Ժողովի եւրոպական համարկման հարցերու մնայուն յանձնախումբի արտակարգ նիստի ընթացքին:

Ան յիշեցուց, որ բանակցութիւնները սկսած էին դեկտեմբեր 2024-ին, որուն ընթացքին տեղի ունեցան Եւրոպական Միութեան համապատասխան պատուիրակութեան հետ աշխուժ բանակցութիւններ:

«Յաջորդ փուլը կը նախատեսուի 7-11 ապրիլ 2025-ին, երբ պիտի գայ երկրորդ պատուիրակութիւնը: Մենք բաւական լաւ պատրաստուած ենք այս հոլովոյթին, տարբեր գերատեսչութիւններուն մէջ մեր գործընկերները պատշաճ նախապատրաստուած են: Եւ նոյնիսկ եւրոպացի գործընկերները հաճելիօրէն զարմացած են մեր պատրաստուածութեան մակարդակէն», նշեց փոխնախարարը:

Պարոյր Յովհաննիսեանի համաձայն, հակառակ անոր որ հոլովոյթը գործնական փուլի մէջ է, այս պահուս կարելի չէ նշել յստակ ժամկէտ, թէ անիկա ե՛րբ պիտի աւարտի:

«Եւրոպական Միութեան գործընկերները միշտ կը խուսափին վերջնաժամկէտներ նշել է: Այստեղ կրնանք քննել փորձառութիւնը այլ երկիրներու, ուր նման հոլովոյթները տեւած են 3-էն 6 տարի: Սակայն, կը կարծեմ, Հայաստանի պարագային այդ հոլովոյթը առաւել արագ պիտի անցնի, քան շարք մը այլ երկիրներու պարագային: Եւ այս հարցը մենք կը շարունակենք պահել մեր օրակարգին վրայ», եզրափակեց Յովհաննիսեանը:

Եւրոպական խորհուրդը յուլիս 2024 թուականին Հայաստանի քաղաքացիներու համար մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման շուրջ Հայաստանի հետ երկխօսութեան սկսելու որոշում տուած է: Հայաստանը եւ Եւրոպական Միութիւնը 9 սեպտեմբեր 2024-ին յայտարարեցին Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու համար Եւրոպական Միութիւն մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման շուրջ երկխօսութեան մեկնարկի մասին:

Փետրուար 2025-ին մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման հոլովոյթի ծիրին մէջ Հայաստան այցելած էր Եւրոպական Միութեան փորձագիտական առաքելութիւնը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2025, 05:00