Համազգայինի Լիբանանի շրջանային վարչութեան շնորհաւորական այցելութիւնը Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարան
Երկուշաբթի, 27 յունուար 2025-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ հայ կաթողիկէ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական Գրիգոր եպս. Պատիշահի հետ:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սեմ Սիմոնեան նախ շնորհաւորեց հոգեւոր հօր Նոր տարին եւ Սուրբ Ծնունդը, ապա վերահաստատեց Համազգայինի եւ հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի համագործակցութիւնն ու աջակցութիւնը, որմէ ետք ներկայացուց Շրջանային վարչութեան գործունէութիւնը եւ անոր հովանիին տակ գործող Գեղարուեստի դպրոցներուն աշխատանքները:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու` ազգային արժէքներուն, հայկական ինքնութեան պահպանման ու մշակոյթի կարեւորութեան: Հանդիպումին նաեւ քննուեցան Լիբանանի մէջ մշակութային կեանքը յուզող հարցերը:
Գրիգոր եպս. Պատիշահ յայտնեց, որ մշակոյթի պահպանման բեռը բոլորիս պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնն է: Բարձր գնահատելով տարուած աշխատանքը` ան պատրաստակամութիւն ցուցաբերեց նեցուկ կանգնելու միութեան յառաջիկայ ծրագիրներու եւ աշխատանքներու իրագործման ճիգերուն:
Աւարտին եպիսկոպոսը Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան մաղթեց յաջողութիւն եւ գնահատեց անոր տարած ազգանուէր ու օգտաշատ ծառայութիւնը` հաստատելով, որ մշակոյթը կարեւոր դեր ունեցած է մեր ինքնութեան հարստացման եւ հզօրացման մէջ:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ