MAP

Այցելութիւն Եռաբլուր` Արցախեան շարժման 37-ամեակին առիթով Այցելութիւն Եռաբլուր` Արցախեան շարժման 37-ամեակին առիթով 

Այցելութիւն Եռաբլուր` Արցախեան շարժման 37-ամեակին առիթով

20 փետրուարին, արցախեան շարժման մեկնարկի 37-ամեակի օրը Եռաբլուր այցելեցին Արցախի քաղաքական ներկայացուցիչները, Բագրատ արք. Գալստանեանը, Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր խմբակցութիւններու պատգամաւորներ:

Երէկ` 20 փետրուարին, արցախեան շարժման մեկնարկի 37-ամեակի օրը Եռաբլուր այցելեցին Արցախի քաղաքական ներկայացուցիչները, Բագրատ արք. Գալստանեանը, Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր խմբակցութիւններու պատգամաւորներ:

«Սա թելադրանք է դուրսէն` իր տէրերէն: Բնականաբար, Սահմանադրութիւնը փոխելու-չփոխելու հարց չկայ, այլ զինք փոխելու հարց կայ», Եռաբլուր զինուորական պանթէոնին մէջ լրագրողներուն ըսաւ «Սրբազան պայքար» շարժումի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեանը` անդրադառնալով Նիկոլ Փաշինեանի նախանցեալ օրուան` «Իրական Հայաստանի գաղափարախօսութիւնը» ուղերձին:

Բագրատ սրբազանը ըսաւ. «Սահմանադրութիւնը որոշակի իմաստով միշտ ալ կրնայ փոփոխութիւններու ենթարկուիլ, բայց այս պարագային, այս ժամանակահատուածին մէջ զինք փոխելու հարցն է, որովհետեւ այստեղ գոյաբանական կռիւ է, Սահմանադրութեան, օրէնքներու կռիւ չէ: Սահմանադրութիւնը որեւէ ժամանակ կրնանք քննարկել, ուսումնասիրել, համապատասխանեցնել, բայց իրենք, ինք անձամբ ձախողեցուցած է ամէն ինչ, հիմա կը փորձէ ամէն ինչ յարմարցնել իր ձախողումին: Ինքն է պատճառը, ակունքը ձախողութեան, սուտի, կեղծիքի, Սահմանադրութեան քայքայման, Սահմանադրութեան մէջ արձանագրուած դրոյթներու չեղարկման, այդ չեղարկման մաս կը կազմէ Արցախի այսօրուան կորուստը, չգոյութիւնը եւ այդպէս շարունակ»:

«Պէտք է շարունակենք պայքարը մեր ինքնութեան, Արցախ վերադարձին համար», ըսաւ «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան: «Այս իրավիճակէն դուրս գալու համար պէտք է նկատի ունենանք երեք հանգամանք. առաջինը` հակամարտութիւնը Ազրպէյճանի հետ չէ աւարտած, հակառակը` խորացած է: Ազրպէյճանը հայաթափեց Արցախը եւ այսօր ալ յանցագործ պետութեան ղեկավարութիւնը Պաքուի մէջ կը դատէ ինքնորոշուած, օրինականօրէն ընտրուած Արցախի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը, մեր մարտական ընկերները: Սա կեղծ բեմականացում է եւ կը ցաւիմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները այդ ուղղութեամբ ոչինչ կ՛ընեն: Ամէն ինչ պէտք է կատարուի, որպէսզի ցեղասպան Ազրպէյճանը իր պատիժը ստանայ: Երկրորդ հանգամանքը` Արցախի Հանրապետութեան բոլոր հաստատութիւնները պէտք է գործեն: Երրորդը` բանակցութիւնները պէտք է շարունակուին ԵԱՀԿ Մինսքի համանախագահութեամբ», ըսաւ Սէյրան Օհանեան:

ՀՅԴ անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ տակաւին անցեալ տարուան ամրան Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ յայտարարած էր, որ Հայաստանի ժողովուրդը պէտք է երթայ եւ սահմանադրութեամբ այդ փոփոխութիւնը կատարէ: Հիմա ալ պահանջեցին եւ Նիկոլ Փաշինեանն ըսաւ` ոչ, պէտք է հանրաքուէով սահմանադրութիւնը փոխենք: Այնպէս որ այդ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումը չէ, այդ պարտադրուած է Ազրպէյճանի կողմէ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/02/2025, 07:30