Ամերիկացի Ֆիլմի հեղինակ, բեմադրիչ ու դերակատար Մայքըլ Կուրճեան այցելեց Ռատիօ Վատիկան
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Անցնող օրերուն Միացեալ Նահանգներէն Հռոմ ժամանած էր «Ամերիկացի» Ֆիլմի հեղինակ, բեմադրիչ ու դերակատար` Մայքըլ Կուրճեան, Իտալիոյ տարբեր քաղաքներու շարժապատկերի սրահներուն մէջ «Ամերիկացի» Ֆիլմի ցուցադրութեան առիթով։
«Ամերիկացի» ֆիլմը, հայկական կատակերգական ողբերգութիւն մըն է, որ արտադրուած է 2022 թուականին, եւ կը պատմէ ծագումով հայ ամերիկացի երիտասարդի մը պատմութիւնը, որ համաշխարհային Բ պատերազմէն ետքը կ՛որոշէ որպէս հայրենադարձ վերադառնալ իր նախնեաց երկիր, ուր սակայն կը բախուի այդ ժամանակուայ սովետական խորհրդային միութեան իրականութեան հետ։
Հռոմ կեցութեան ընթացքին Մայքըլ Կուրճեան ընկերակցութեամբ Հռոմաբնակ արուեստագէտ ու դերասանուհի Մարինէ Գալստեանի այցելութիւն տուաւ Ռատիօ Վատիկան, հանդիպում ունենալով Վատիկանեան Ձայնասփիւռի հայկական բաժանմունքի անձնակազմին հետ։
Այցի ընթացքին Ան մօտէն ծանօթացաւ Ռատիօ Վատիկանի իրականութեան, պատմութեան, գործունէութեան ու առաքելութեան, հանդիպելով նաեւ Վատիկանեան Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան մի քանի պատասխանատուներուն հետ։
Մայքըլ Կուրճեան առիթը ունեցաւ նաեւ այցելելու Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարը ու տաճարի տարածքին գտնուող Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի արձանը ու ներգնագաւիթը։
Վատիկանի Ձայնասփիւռի հայկական խմբագրութեան տուած այցելութեան առիթով Կուրճեան պատմեց` Իտալիոյ զանազան քաղաքներու մէջ ֆիլմի ցուցադրութեան մասնակցութեան իր փորձառութեան մասին, ուր առիթը ունեցաւ հանդիպելու նաեւ տեղական հայկական հասարակութիւններուն հետ։
«Շրջանը սկսաւ Հռոմէն 16 Յունուարին ապա Ֆիրեցնէ, Պոլոնիա, Միլանօ, Ճենովա ուր առիթը ունեցայ հանդիպելու Իտալիոյ հայերուն հետ» ըսաւ Կուրճեան։
Այն հարցումին թէ ի՞նչի մասին կը խօսի ֆիլմը ու թէ ի՞նչ է ֆիլմէն բխած պատգամը, Կուրճեան պատմեց թէ. 1Մենք որպէս մարդ արարածներ, եբր չենք հանդիպիր այլ անհատներու, այլ մշակոյթներու, դիւրին է անտարբեր ըլլալ անոնց նկատմամբ, բայց որքան աւելիով մենք առիթը ունենանք շփուելու ուրիշի մը հետ) այդքան աւելիով մարդ անհատը չի կրնար անհոգութեան մօտեցում ունենալ։ Այսպիսով, պատմութիւնը նման է առակի մը, հեքիաթի մը, որովհետև ես կը կարծեմ, որ հայերու համար ասիկա իրականութիւն մըն է, որուն համար մենք շատ պայքարեցանք, հարց տալով եթէ մնացած աշխարհը մեզ կ՛անտեսէ թէ չէ։ Եւ որքան անոնք մեզ տեսնեն ու մեզի հետ շփուին, այնքան աւելիով շատ կը մտածեն այն բաներու մասին, որոնց դէմ մենք կը պայքարինք աշխարհի մէջ» ըսաւ Կուրճեանը։
Հարցումին թէ ֆիլմին սկիզբը ակնարկ մը կայ հայոց ցեղասպանութեան մասին, Կուրճեան նկատել տուաւ, որ` այո ու թէ ինք ուզած է պարզապէս, որպէս փաստուած իրականութիւն ներկայացնել այդ մէկը եւ ոչ որպէս պատմութեան քննարկումը։ «Այդ տեսարանը կը պատմէ իմ մեծ հօրս պատմութիւնը, որ կարողացաւ հրաշքով վերապրիլ, խուսափիլ մահուընէ, փոխադրուիլ Միացեալ նահանգներ» յարեց Ան։
Ամերկացի ֆիլմը կը պատմէ հայրենադարձի մը պատմութիւնը, որ իր երկիրը կը վերադառնայ իր արմատները, յիշողութիւնը եւ ինքնութիւնը վերագտնելու համար, թէեւ դժբախտաբար այլ իրականութեան մը հետ կը բախուի։ Արդեօ՞ք Ֆիլմի ընդմէջէն ուզեցիք նաեւ պատմել ձեր անձնական պատմութիւնը հարցումին. Կուրճեան պատասխանեց. «Ի հարկէ. Ինչ որ առումով այո» աւելցնելով. «Կը կարծեմ` որ շատ մը հայերու համար հայրենիքի գաղափարն ու Հայաստան վերադառնալը բան մըն է, որ բոլորի սրտին տենչ է։ Այսպիսով, այս մէկը ինծի համար ալ կ՛արտայայտէր իմ զգացումներս: Իսկ պատմութեան մէջ, ամէն ինչ կը սկսի անձնականութենէն։ Այդ մարդը հազ հազիւ երկու բառ հայերէն գիտեր։ Ոչ մէկ բանէ տեղեակ չէր։ Բայց վերջաւորութեան` ամբողջութեամբ հայ կը դառնայ եւ հակառակ ամէն բանի կ՛որոշէ մնալ այնտեղ` իր երկրին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ