MAP

Թրամփ եւ Փութին Թրամփ եւ Փութին 

Թրամփ. «Փութինի հետ Սէուտական Արաբիոյ մէջ պիտի հանդիպիմ ներկայութեամբ Մոհամետ Պըն Սալման իշխանին»

Թրամփ Փութինի հետ իր հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը որակեց «լաւ»` նշելով, որ անիկա մէկ ժամէն աւելի տեւած է:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Սէուտական Արաբիոյ մէջ պիտի հանդիպի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ` աւելցնելով, որ այդ հանդիպումին ներկայ պիտի գտնուի Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը: Ան այս մասին յայտարարեց Սպիտակ տան մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին:

Նշենք, որ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը նպաստած է ամերիկացի բանտարկեալ Մարք Ֆոկըլի Ռուսիայէն ազատ արձակման:

Թրամփ Փութինի հետ իր հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը որակեց «լաւ»` նշելով, որ անիկա մէկ ժամէն աւելի տեւած է:

Սպիտակ տան ղեկավարը աւելցուց, որ ինք Ուքրանիոյ ՕԹԱՆ-ի անդամ դառնալը գործնական չի նկատեր, ինչպէս նաեւ անհաւանական է, որ Ուքրանիան իր բոլոր տարածքներուն վերատիրանայ:

Թրամփ «ոչ հեռու ապագային» Ուքրանիոյ մէջ զինադադարի հաստատում նախատեսեց:

Ան ըսաւ, որ Ուքրանիան որոշ փուլի ընթացքին նոր ընտրութիւններու կարիք պիտի ունենայ` աւելցնելով. «Մեր ելեւմուտքի նախարարը Ուքրանիա ուղարկեցի, որպէսզի մեր դրամները ետ ստանալու հարցը քննարկէ»:

Թրամփ աւելի ուշ «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ գրեց, որ Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները «անմիջապէս» Ուքրանիոյ հարցին շուրջ բանակցութիւններու պիտի սկսին:

Ան նշեց, որ իր ռուս պաշտօնակիցին հետ ունեցած է «երկարատեւ ու շատ արդիւնաւէտ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը:

Թրամփ գովաբանեց Փութինը` ըսելով, որ Ռուսիոյ նախագահը «մինչեւ իսկ իմ շատ ուժեղ ընտրական կարգախօսս օգտագործեց»:

«Խօսեցանք մեր երկու երկիրներու ուժի կէտերուն եւ այն մեծ օգուտին մասին, որ օր մը միասնաբար աշխատելուն արդիւնքը պիտի ըլլայ», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսեթ իր կարգին նշեց, որ ամերիկեան վարչակազմին կարծիքով` Ուքրանիոյ ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը անիրատեսական է:

Հեկսեթ յայտարարեց, որ Ուքրանիան պէտք է հրաժարի 2014 թուականէն առաջուան իր սահմաններ վերադառնալու յոյսերէն եւ պատրաստուի Ռուսիոյ հետ բանակցուած լուծման, որ կը վայելէ միջազգային ուժերու զօրակցութիւնը: Ան այս մասին յայտարարեց Պրիւքսելի մէջ ՕԹԱՆ-ի կեդրոնատեղի իր այցելութեան ընթացքին: «Այդ պատրանքային նպատակը հետապնդելը միայն պիտի երկարաձգէ պատերազմը եւ աւելի շատ տառապանք պիտի բերէ», ըսաւ ան:

Սպիտակ տան բանբեր Քարոլայն Լիւիթ յայտնեց, որ տեղեակ չէ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու փոխադարձ այցելութիւններուն համար նախապայմաններու գոյութեան մասին` աւելցնելով. «Ատիկա չի նշանակեր, որ գոյութիւն չունին»: «Քիչ առաջ նախագահին ու մեր ազգային անվտանգութեան խումբին հետ կը խօսէի, եւ ինծի որեւէ նախապայմանի մասին բան չըսուեցաւ», նշեց Լիւիթ:

Արձագանգներ
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Լոնտոն կը բաժնէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Ուքրանիոյ պատերազմին վերջ տալու փափաքը` աւելցնելով. «Ռուսիան կրնայ ատիկա վաղը ընել` իր ուժերը հեռացնելով եւ ապօրինի ներխուժման վերջ տալով»:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Միշտ կ՛ըսենք, որ արդար ու տեւական խաղաղութեան իրագործման համար պիտի աջակցինք Ուքրանիոյ: Ներկայիս մեր առաջնահերթութիւնը Ուքրանիան կարելի ամէնէն ուժեղ դիրքի վրայ դնելն է»:

Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Լեհաստանի, Իտալիոյ, Սպանիոյ, Բրիտանիոյ եւ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարները Փարիզի մէջ ժամեր տեւած բանակցութիւններէ ետք հրապարակեցին միացեալ հաղորդագրութիւն մը` նշելով. «Կ՛ուզենք մեր ամերիկացի դաշնակիցներուն հետ քննարկել (պատերազմի դադրեցման համար) որդեգրուելիք ուղին»:

Եօթը նախարարները աւելցուցին. «Պէտք է մեր հասարակաց նպատակը Ուքրանիան ուժի դիրքի վրայ դնելը ըլլայ: Պէտք է Ուքրանիան եւ Եւրոպան որեւէ բանակցութեան մասնակցին»:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ եւրոպական երկիրները կառչած կը մնան Ուքրանիոյ անկախութեան, գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան` շեշտելով. «Ուքրանիան պէտք է անվտանգութեան ուժեղ երաշխիքներ ստանայ»:

«Ուքրանիոյ մէջ արդար ու տեւական խաղաղութեան հաստատումը անդրատլանտեան ամուր անվտանգութեան համար անհրաժեշտ պայման է», ընդգծեցին նախարարները:

Քրեմլին նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը ձգտեցաւ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը երկարել, սակայն Թրամփի վարչակազմը կը ջանայ խաղաղութեան գոյացումը երաշխաւորել:

«Նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ անոր ամերիկացի պաշտօնակիցին միջեւ հանդիպումի պատրաստման վրայ կը կեդրոնանանք», նշեց Քրեմլին` աւելցնելով. «Ներկայիս չենք կրնար Փութինի եւ Թրամփի հանդիպումի որոշակի թուականի մասին խօսիլ»:

«Երկու կողմերուն մօտ երկխօսութիւն կատարելու եւ Ուքրանիոյ վերաբերեալ կարգաւորման ձգտելու քաղաքական կամք գոյութիւն ունի», յայտնեց Քրեմլին` աւելցնելով, որ Փութին եւ Թրամփ փոխադարձաբար զիրար հրաւիրած են իրենց երկիրներ այցելելու:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/02/2025, 08:00