Քրտական ինքնավար մարզը Սուրիոյ ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողովի որոշումներուն յանձնառու պիտի չըլլայ
Քրտական ինքնավար մարզի կուսակցութիւնները քննադատեցին երեքշաբթի օր Դամասկոսի մէջ գումարուած Սուրիոյ Ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողովին մէջ «ձեւական» ներկայացուցչութիւնը` նշելով, որ անիկա չ՛արտացոլացներ «սուրիական հասարակութեան բաղադրիչ մասերու իրականութիւնը»: Քրտական ինքնավար մարզը խորհրդաժողովին չէր հրաւիրուած:
35 կուսակցութիւններու կողմէ ստորագրուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի. «Ազգային երկխօսութեան իսկական խորհրդաժողովը պէտք է ըլլայ համապարփակ, ներառելով հասարակութեան մաս կազմող բոլոր տարրերը եւ քաղաքական պլոքները, կուսակցութիւնները, ազդու խմբաւորումները, հասարակական ու քաղաքացիական ուժերը` երաշխաւորելու համար իսկական երկխօսութիւն մը, որ կ՛արտացոլացնէ սուրիացիներուն կամքը»:
«Իսկ խորհրդաժողովները, որոնք կը գումարուին ձեւական ներկայացուցչութեամբ անհատներու, որոնք չեն արտացոլացներ սուրիական հասարակութեան բաղադրիչ մասերու իրականութիւնը, ապա անոր որոշումները անիմաստ ու անարժէք են: Անիկա անօգուտ է եւ պիտի չնպաստէ երկրին դիմագրաւած տագնապին իսկական լուծումներ գտնելուն», աւելցուց հաղորդագրութիւնը:
Խորհրդաժողովի կազմակերպիչներուն համաձայն, Քրտական ինքնավար մարզը խորհրդաժողովին չէ հրաւիրուած, որովհետեւ իր զէնքերը պահող որեւէ գոյացութիւն կամ զինուորական խմբաւորում խորհրդաժողովին չէ հրաւիրուած:
Քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու բանբեր Ֆարհատ Շամի ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու եւ սուրիական հասարակութենէն լայն հատուածներու բացառումը կը հաստատէ, որ խորհրդաժողովին նպատակը ձեւական է եւ ուղղուած է արտաքին աշխարհի բաւարարման եւ ոչ թէ ներքին գործընկերներու հետ աւելի լաւ ապագայի քննարկման»:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ