MAP

Սէուտական Արաբիկա Սէուտական Արաբիկա  (MAJDY JILDAH)

«Քոմերսանթ». «Այսօր Ռիատի մէջ Ռուս-Ամերիկեան բանակցութիւններու սկիզբ». Թրամփ Փութինի հետ հանդիպումը «Շատ մօտալուտ» կը Նկատէ

Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումս կրնայ շատ մօտալուտ ըլլալ»:

Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումս կրնայ շատ մօտալուտ ըլլալ»:

«Փութին կ՛ուզէ (Ուքրանիոյ) պատերազմին վերջ տալ», նշեց Թրամփ:

«Տը Հիլ» կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան ղեկավարը կիրակի օր պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ Փութին ի՞նչ կ՛ուզէ ըսած է. «Կը կարծեմ` ան կ՛ուզէ կռիւը դադրեցնել: Ես ատիկա կը տեսնեմ: Մենք երկար ու ծանր զրոյց ունեցած ենք… Կը կարծեմ` ան կ՛ուզէ դադրեցնել կռիւը: Անոնք ունին մեծ, հզօր ռազմական մեքենայ: Դուք ատիկա կը հասկնաք: Անոնք յաղթած են Հիթլերին, անոնք յաղթած են Նափոլէոնին: Գիտէք, անոնք երկար ժամանակ կռուած են: Անոնք նախապէս ատիկա ըրած են, սակայն ես կը կարծեմ, որ ան կ՛ուզէ դադրեցնել կռիւը»:

Ինչ կը վերաբերի Փութինի տարածքային յաւակնութիւններուն, Ուքրանիոյ ամբողջ տարածքը գրաւելու մասին ենթադրեալ յաւակնութեան մասին հարցումին ի պատասխան Թրամփ յայտնած է. «Ատիկա անոր ուղղուած հարցումս էր: Որովհետեւ, եթէ ան շարունակէ, ատիկա մեծ խնդիր պիտի ըլլայ մեզի համար, եւ ատիկա ինծի համար մեծ խնդիր պիտի յառաջացնէր, որովհետեւ պարզապէս չենք կրնար արտօնել, որ ատիկա տեղի ունենայ», ըսած է Թրամփ` նշելով, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին ալ կ՛ուզէ պատերազմին վերջ տալ:

Ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը նախատեսեց, որ Ուքրանիոյ շուրջ Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ Ռուսիոյ մասնակցութեամբ բանակցութիւնները այսօր սկսին:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ յայտնեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով նախագահ Վլատիմիր Փութինի յանձնարարութեամբ մեկնած են Ռիատ` Միացեալ Նահանգներուն հետ բանակցելու համար:

Անոր համաձայն, հանդիպումը հիմնականին մէջ նուիրուած պիտի ըլլայ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու վերականգնման:

Փեսքով աւելցուց, որ Սէուտական Արաբիան ընտրուած է իբրեւ բանակցութիւններու վայր, որովհետեւ անիկա յարմար է թէ՛ ռուսական, թէ՛ ամերիկեան կողմերուն:

Նախքան այդ, արդէն հաղորդուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն ու ամերիկեան բանակցային խումբը հասած են Սէուտական Արաբիա:

Ուքրանիոյ տնտեսութեան նախարար Եուլիա Սվիրիտենքօ յայտնեց. «Ուքրանական կառավարական պատուիրակութիւն մը հասաւ Սէուտական Արաբիա` Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի այցելութիւնը պատրաստելու համար»:

Ըստ անոր, ուքրանական պատուիրակութիւնը շուրջ 100 սէուտցի գործարարներու հետ քննարկած է ուժանիւթի, հողագործութեան, ենթակառոյցի ոլորտներուն մէջ, ներառեալ այլ ներդրումային ծրագիրներ:

Նախապէս ամերիկացի պաշտօնատարներ քանի մը լրատուամիջոցներու յայտնած էին, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ բարձրաստիճան խումբ մը կ՛ուղարկէ Սէուտական Արաբիա` բանակցութիւններ սկսելու Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ հետ:

Ըստ այդ հաղորդումներուն, բանակցութիւններուն պիտի մասնակցին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ, Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Մայք Ուոլց եւ Միջին Արեւելքի հարցերով բանակցող Սթիւ Ուիթքոֆ: Տակաւին անորոշ կը մնայ այդ բանակցութիւններուն Ուքրանիոյ նախագահի մասնակցութեան հարցը:

Զելենսքի, պատասխանելով Սէուտական Արաբիոյ մէջ խաղաղ բանակցութիւններու վերաբերեալ հարցին, ըսած է, որ հրաւէր չէ ստացած:

Ամերիկացի պաշտօնեաները լրագրողներուն յայտնած են նաեւ, որ չեն նախատեսեր բանակցութիւններուն մէջ ներառել այլ դաշնակիցներու ներկայացուցիչներ:

«Սի.Էն.Էն.», յղում կատարելով աղբիւրներու, հաղորդեց, որ սէուտական իշխանութիւնները մտադիր են ոչ միայն հարթակ տրամադրել Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ուքրանական կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններուն համար, այլ նաեւ բանակցութիւններուն մէջ միջնորդութիւն կատարել:

Սէուտցի պաշտօնատար մը ըսած է, որ թագաւորութիւնը պիտի ընէ «աւելին, քան պարզապէս հիւրընկալելը», եւ «պիտի զբաղի միջնորդի դերով»: Սէուտական Արաբիոյ պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ թագաւորութեան ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականը: Անոր անունը չի նշուիր:

«Էն.Պի.Սի. Նիուզ» կը հաղորդէ, որ ամերիկեան իշխանութիւնները կը նախատեսեն նախ անջատ բանակցութիւններ վարել Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ հետ, եւ միայն ատկէ ետք անցնիլ միացեալ վեհաժողովի:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Փութինի հետ իր հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք յայտարարած էր, որ իր եւ Ռուսիոյ նախագահի առաջին հանդիպումը, ամենայն հաւանականութեամբ, տեղի պիտի ունենայ Սէուտական Արաբիոյ մէջ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/02/2025, 08:47