Դոկտ․Նորա Պայրագտարեան նշանակուեցաւ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդական հարցերու նախարար
Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Լիբանանեան համալսարանի մէջ իրաւաբանութեան եւ քաղաքական ու վարչագիտական գիտութիւններու կաճառի դասախօս է ու բաժանմունքի տնօրէն, նաեւ կը դասախօսէ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ։
2004 թուականին Ֆրանսայի Սորպոնի համալսարանէն ստացած է դոկտորականի աստիճան, իսկ 2017 թուականին՝ փրոֆեսէօրի աստիճան Լիբանանեան համալսարանէն։ Անդամ է Լիբանանեան համալսարանի Դոկտորական աստիճանի բարձրագոյն հիմնարկի միջազգային յանձնախումբին եւ համակարգող՝ Քաղաքական գիտութիւններու յանձնախումբի։ Ան մինչեւ 2020 թուական աշխատած է Սպայից վարժարանին մէջ՝ իբրեւ դասախօս եւ քաղաքական գիտութիւններու համակարգող։
Դոկտ. Ն. Պայրագտարեան Լիբանանի մէջ տնտեսական ու ընկերային խորհուրդի հիմնադիրներէն է, եւ ներկայ տնտեսական, ընկերային ու կենսոլորտային խորհուրդին մէջ՝ գիտութեան, ճարտարագիտութեան ու նորարութեան յանձնախումբի նախագահ։
Ան անդամ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի եւ կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցած է շարք մը միջազգային հարթակներու վրայ, մասնաւորաբար՝ Եկեղեցիներու միջազգային խորհուրդին մէջ։
Վերջերս ընտրուած է Եկեղեցիներու միջազգային խորհուրդին մէջ Միջազգային հարցերու յանձնախումբի համանախագահ։ Նախապէս անդամ էր Ժընեւի մէջ Կեդրոնական յանձնախումբին, իսկ վերջերս Գերմանիոյ մէջ գումարուած խորհուրդի ընդհանուր ժողովին մէջ ընդհանուր հարցերու եւ յայտարարութիւններու յանձնախումբի նախագահն էր։
Մասնակցած է բազմաթիւ միջազգային ու տեղական խորհրդաժողովներու՝ հիմնականին մէջ դասախօսելով միջազգային կառավարման, արդի միջազգային հարցերու եւ Լիբանանի առնչուող շարք մը թեմաներու շուրջ։
Հեղինակ է բազմաթիւ գիրքերու, որոնցմէ է «Լիբանանը ներքին կայունութեան ու շրջանային անվտանգութեան միջեւ», «Արտաքին քաղաքականութիւնն ու ներքին քաղաքականութիւնը» գիրքերը, ինչպէս նաեւ՝ արաբերէն, անգլերէն ու ֆրանսերէն լեզուներով բազմաթիւ միջազգային հետազօտութիւններու եւ յօդուածներու։
Կը վերահսկէ Լիբանանեան համալսարանի դոկտորայի աստիճանի շարք մը թեզերու, ինչպէս նաեւ 2006 թուականէն ի վեր մասնակցած է թեզերու քննարկման բազմաթիւ յանձնախումբերու։
Ամուսնացած է Էտի Գապագեանի հետ եւ ունի որդի մը՝ Քրիսթոֆըր։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ