Նեթանիահու յետաձգեց Պաղեստինցի Արգելափակեալներու ազատ արձակումը
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ յայտարարեց, որ Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութեան հիմամբ պաղեստինցի արգելափակեալներու ազատ արձակումը պիտի յետաձգուի մինչեւ որ Համաս վերջ տայ իսրայէլացի գերիներու յանձնման ընթացքին «վարկաբեկիչ արարողութիւններուն»:
«Համասի իրերայաջորդ խախտումներուն, մասնաւորաբար գերիներու արժանապատուութիւնը վիրաւորող վարկաբեկիչ արարողութիւններու ճամբով եւ գերիներու քարոզչական նպատակներու համար հեգնական օգտագործման լոյսին տակ, որոշուեցաւ յետաձգել ազատ արձակումը պաղեստինցի գերիներուն, զորս ծրագրուած էր երէկ` շաբաթ օր ազատ արձակել, մինչեւ յաջորդ գերիներու առանց վարկաբեկիչ արարողութիւններու ազատ արձակման երաշխաւորումը», նշեց Նեթանիահուի գրասենեակը:
Պաղեստինեան Համաս շարժումը նշեց, որ միջնորդներուն եւ միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղէ` ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ, որպէսզի գործադրէ համաձայնութիւնը եւ անյապաղ ազատ արձակէ գերիները:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ