MAP

TOPSHOT-SAUDI-RUSSIA-US-UKRAINE-CONFLICT-POLITICS-DIPLOMACY

Ռիատի մէջ Ռուս-Ամերիկեան բանակցութիւններ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Ռուսիոյ հետ համաձայնութիւն գոյացաւ դիւանագիտական առաքելութիւններու աշխատանքներու բնականոնացման համար պէտք եղածը որդեգրելու համար խորհրդակցական մեքանիզմի ստեղծման շուրջ»:

Երէկ Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ տեղի ունեցան ռուսական եւ ամերիկեան պատուիրակութիւններուն միջեւ բանակցութիւններ` մասնակցութեամբ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի, ներկայութեամբ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան իշխանին:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալմանի ցուցմունքով Ռիատ` Սէուտական Արաբիոյ աշխարհի վրայ անվտանգութեան եւ խաղաղութեան ամրապնդման ջանքերու ծիրին մէջ կը հիւրընկալէ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ բանակցութիւններ»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Ռուսիոյ հետ համաձայնութիւն գոյացաւ դիւանագիտական առաքելութիւններու աշխատանքներու բնականոնացման համար պէտք եղածը որդեգրելու համար խորհրդակցական մեքանիզմի ստեղծման շուրջ»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ իր կարգին ժողովէն ետք յայտարարեց. «Աշխատանքը կը շարունակուի, եւ այսօրուան ժողովը երկար ու դժուար երթի մը առաջին քայլն է»:

«Պէտք է Ուքրանիոյ մէջ տագնապին վերջ տալու համար զիջումներ կատարել, եւ ջանք կը թափենք պատերազմի վերջնական աւարտին համար», ըսաւ Ռուպիօ` աւելցնելով. «Ուքրանիոյ տագնապին մասնակից բոլոր կողմերը պէտք է համաձայնին տագնապին վերջ տալու լուծումի մը շուրջ»:

«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ միակն է, որ կարող է վերջ տալ Ուքրանիոյ տագնապին, եւ իր ընտրական արշաւի ընթացքին ընդգծեց Ուքրանիոյ մէջ տագնապին վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը», ըսաւ ան:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը շեշտեց. «Եւրոպական Միութիւնը որոշ փուլի մը կարիքը ունի Ուքրանիոյ շուրջ բանակցութիւններուն մաս կազմելու»:

«Դաշնակիցներուն հետ ներքաշուած ենք Ուքրանիոյ մէջ տագնապի լուծման», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Սէուտական Արաբիան Ուքրանիոյ տագնապի լուծման ջանքերուն մէջ վճռորոշ դեր կը կատարէ»:

«Ուքրանիոյ մէջ տագնապին վերջ տալը պէտք է առնչակից բոլոր կողմերէն ընդունելի ըլլայ, ներառեալ Ուքրանիան, Եւրոպան եւ Ռուսիան», յայտնեց Ռուպիօ` աւելցնելով. «Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններու ճամբով կը քննարկենք Ուքրանիոյ տագնապի լուծման կարելիութիւնները, եւ Ուաշինկթընի ու Մոսկուայի մէջ մեր դիւանագիտական կազմերուն ճամբով պիտի աշխատինք Ուքրանիոյ շուրջ բանակցութիւնները շարունակելու», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը` նշելով. «Պէտք է Ուքրանիոյ խնդիրը բոլորին ընդունելի ձեւով լուծենք»:

Նախքան այդ, Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով, որ ռուսական պատուիրակութեան մաս կը կազմէ, յայտնեց. «Ռուսական եւ ամերիկեան պատուիրակութիւններուն միջեւ բանակցութիւնները լաւ ձեւով ընթացան»:

«Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները Ռիատի մէջ բոլոր խնդիրներուն շուրջ լուրջ բանակցութիւն ունեցան», ըսաւ Ուշաքով:

«Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներու հանդիպումէն առաջ աշխուժ աշխատանքի կարիք ունինք», նշեց ան:

«Անհաւանական է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինն ու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը յառաջիկայ շաբաթ հանդիպում ունենան, եւ դժուար է որոշակի ժամկէտներու մասին խօսիլ», ըսաւ Ուշաքով:

«Ռուս-ամերիկեան բանակցային մասնակի խմբակներ յարմար պահուն Ուքրանիոյ հարցով հաղորդակցութիւններու պիտի սկսին», նշեց ան:

«Փութին պիտի որոշէ, թէ Միացեալ Նահանգներու հետ Ուքրանիոյ հարցով բանակցութիւնները ե՛րբ տեղի պիտի ունենան», յայտնեց Ռուսիոյ նախագահի օգնականը:

«Ռուս եւ ամերիկացի պատուիրակները Ռիատի մէջ ճշդեցին Ուքրանիոյ վերաբերեալ իրենց հիմնական ուղղուածութիւնները», ըսաւ Ուշաքով:

Միւս կողմէ, Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի նշեց. «Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը շատ գոհացնող բաներ կ՛ըսեն անոր եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփի միջեւ հանդիպում դասաւորելու եւ արագ յաջողութիւն արձանագրելու համար»:

«Ուքրանիան պատրաստ չէ իր հողերու մասերէ յաւիտեանս հրաժարելու», յայտնեց Զելենսքի:

Ուքրանիոյ նախագահը Անգարայի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Ռիատի մէջ ռուս-ամերիկեան բանակցութիւնները «մեզի համար անակնկալ էին եւ անոնք մեզի համար պարտադիր չեն, եւ անոնց արդիւնքներով հետաքրքրուած չենք»` շեշտելով. «Մեր հողերէն պիտի չհրաժարինք եւ ռուսական գաղութատիրութիւն պիտի չընդունինք»:

«Կ՛ուզենք, որ ամերիկացիները բանակցելու համար Քիեւ քան եւ ոչ թէ որեւէ այլ տեղ», նշեց ան` աւելցնելով. «Անհրաժեշտ է պատերազմը աւարտելու եւ խաղաղութիւն հաստատելով յստակ երաշխիքներ ըլլան»:

«Պէտք է պատերազմին վերջ տալու ջանքերը ըլլան ազդու կողմերու մասնակցութեամբ», շեշտեց ան:

«Եթէ Ուքրանիոյ ներկայացուած պայմանները արդար ըլլան, ապա կարելի է զանոնք ընդունիլ, պայմանով որ ըլլան երաշխաւոր պետութիւններ, որոնց շարքին Թուրքիան: Պատերազմին վերջ տալու բանակցութիւնները պէտք է Եւրոպայի եւ Թուրքիոյ մասնակցութեամբ ըլլան եւ կռնակին ետին պէտք չէ տեղի ունենան», ըսաւ Ուքրանիոյ նախագահը` նշելով. «Կ՛ուզենք պատերազմին վերջ տալ, սակայն արդար ձեւով»:

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն Ուքրանիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քիթ Քելոկի հետ հանդիպումէն ետք նշեց. «Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզէ Ուքրանիոյ մէջ արդար ու տեւական խաղաղութեան համար գործակցիլ Միացեալ Նահանգներու հետ»:

«Ասիկա վճռորոշ պահ է: Եւրոպան նիւթական եւ զինուորական աւելի մեծ մասնակցութիւն ունեցաւ, քան որեւէ այլ կողմ: Մեր ջանքերը պիտի աշխուժացնենք», ըսաւ ան:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/02/2025, 08:00