Հայրական մեր յորդորն է, որ միշտ վառ պահէք հաւատքի լոյսը ձեր հոգիներէն ու յարկերէն ներս․ Վեհափառ Հայրապետ
Փետրուար 14-ին՝ 40-օրեայ մանուկ Յիսուս Քրիստոսի տաճարին ընծայման տօնին՝ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ:
Պատարագիչն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան Հոգեշնորհ Տ․ Ոսկան աբեղայ Ոսկանեան։
Իր քարոզին մէջ Հայր Սուրբը անդրադարձ կատարեց տօնի խորհուրդին՝ մասնաւորաբար նշելով,- «Մանուկ Յիսուս եկաւ որպէս խաղաղութեան իշխան՝ մարդկանց փոթորկայոյզ սրտերի մէջ սերմանելու երկնային խաղաղութիւնը: Նա եկաւ որպէս աշխարհի Փրկիչ՝ փրկելու համար աստուածաստեղծ մարդ արարածին եւ իր նուիրական առաքելութեամբ կամրջելու երկինքն ու երկիրը»։
Աւարտին, Հայր Ոսկանը պատգամեց հաւատացեալ ժողովուրդը անվարան երթալ Տիրոջ կենսատու ու անմար Լոյսին ընդառաջ եւ աղօթել նաեւ բոլոր այն ամուսնական զոյգերուն համար, որոնք իրենց կեանքը կը սկսին տէրունական լոյսի, խաղաղութեան ու փրկութեան ապաւինութեամբ:
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, կատարուեցաւ նորապսակ զոյգերու օրհնութեան կարգ: Օրուան խորհուրդին խաչքաւորն էր ԵՀԽ հայաստանեան Կլոր սեղան հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Կարէն Նազարեանը։
Տօնին առիթով Նորին Սրբութիւնը իր Հայրապետական օրհնութիւնն ու մաղթանքները բերաւ նորապսակներուն՝ նշելով, որ Տեառնընդառաջին ամենքս Սուրբ Սիմէոն Ծերունիի նման կը փառաւորենք մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսը եւ կ՝ամրապնդենք վճռականութիւնը Տիրոջ ընդառաջ ելլելու, միշտ Տիրոջ հետ ըլլալու եւ ապրելու ու ընթանալու Աստուծոյ կամքին համաձայն։
Հայոց Հայրապետը ընդգծեց, որ տօնի նախօրէին, ժողովրդական աւանդութեան համաձայն, նորապսակները կը համախմբուին իրենց ընտանեկան օճախներուն մէջ, խարոյկ կը վառենք եւ բերկրանքով ու ցնծութեամբ կը տօնախմբեն Տեառնընդառաջը։ Այս խորհուրդին համահունչ Տեառնընդառաջի տօնը հռչակուած է Նորապսակներու օրհնութեան օր, որպէսզի եկեղեցիներուն մէջ, յաւարտ Սուրբ Պատարագի, նոր ամուսնացած զոյգերը օրհնութիւն ստանան, եւ Տիրոջ առատ շնորհները բաշխուին իրենց ընտանիքներուն։
Դիմելով նորապսակ զոյգերուն՝ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ,- «Այս օրհնեալ պահին Մենք Մեր ջերմ շնորհաւորանքն ենք բերում բոլոր նորապսակ զոյգերին եւ մաղթում երջանկութիւն, սիրառատ ընտանեկան կեանքի երկար տարիներ։ Թող Տէրը պարգեւի ձեզ բազում արժանաւոր զաւակներ եւ պահպանի ամէնքիդ Իր շնորհների եւ Ամենախնամ Սուրբ Աջի հովանու ներքոյ։ Հայրական Մեր յորդորն է, որ միշտ վառ պահէք հաւատքի լոյսը ձեր հոգիներից ու յարկերից ներս, ապրէք Սիմէոն ծերունու բարեպաշտութեամբ՝ ձեր սրտերում հանապազ կրելով սէրը Աստծոյ, հայրենիքի եւ միմեանց հանդէպ»։
Նոյն օրը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Վեհարանին մէջ ընդունեց Սուրբ Պատարագին մասնակից նորապսակ զոյգերը եւ Մայր Աթոռի տարբեր կառոյցներու մէջ սպասաւորող նորապսակ սարկաւագները՝ ուղեկցութեամբ Մայր Աթոռի լուսարարապետի պաշտօնակատար Հոգեշնորհ Տ. Յարութիւն վարդապետ Կիրակոսեանի։
Հայոց Հովուապետը, մէկ անգամ եւս իր հայրական օրհնութիւնն ու շնորհաւորանքները բերելով նորապսակ երիտասարդներուն, գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ այս տարի ընդունելութեան արժանացած են նաեւ աշխարհական նորապսակ հայորդիները։
Նորին Սրբութիւնը յորդորեց նորապսակ զոյգերը ապրիլ սիրով ու աւետարանական ոգիով, զօրակից ըլլալ իրարու եւ չընկրկիլ դժուարութիւններու առջեւ։ Հայոց Հայրապետը մաղթեց նաեւ, որ Տիրոջ լոյսն ու ջերմութիւնը մշտական ներկայութիւն ըլլան իրենց նորակազմ ընտանիքներուն մէջ եւ ապրին առողջ ու երջանիկ կեանքով:
Աւարտին Նորին Սրբութիւնը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց նորապսակ զոյգերը եւ ընծայեց նուէրներ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ