MAP

2025.02.13 Membri della Chiesa Armena apostolica di Antelias in Vaticano

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մասնակցեցաւ Վատիկանի ծանօթացման ծրագրին

Երիտասարդ հոգեւորականներու Վատիկան այցելութեան գլխաւոր նպատակն էր ծանօթանալ Վատիկանի հովանիին տակ գործող բաժանմունքներուն, համալսարաններուն, թանգարաններուն, մատենադարաններուն ու վանքերուն, որոնց մասին մանրամասն տեղեկութիւններ ստացան տուեալ կառոյցին պատասխանատուներուն կողմէ։
Ունկնդրէ լուրը

Ընդառաջելով Վատիկանի հրաւէրին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, 31 Յունուարէն 8 Փետրուար 2025-ին, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Վատիկանի ծանօթացման 5-րդ տարուան ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին երեք երիտասարդ հոգեւորականներ՝ Թռչնոց Բոյնի տեսուչ` Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեան, Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան (Ա.Մ.Ն. Հայոց Արեւմտեան Թեմ) եւ Նորթ Անտովըրի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ստեփան Քհնյ. Պալճեան (Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Հայոց Թեմ)։

Այս ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութենէն, ինչպէս նաեւ արեւելեան ուղղափառ իւրաքանչիւր եկեղեցիէ երեք ներկայացուցիչ հոգեւորականներ։

Երիտասարդ հոգեւորականներու Վատիկան այցելութեան գլխաւոր նպատակն էր ծանօթանալ Վատիկանի հովանիին տակ գործող բաժանմունքներուն, համալսարաններուն, թանգարաններուն, մատենադարաններուն ու վանքերուն, որոնց մասին մանրամասն տեղեկութիւններ ստացան տուեալ կառոյցին պատասխանատուներուն կողմէ։

Ծրագիրին մէջ յատկանշական էր Ն.Ս. Ֆրանսիս Պապին հետ կայացած հանդիպումը։ Այս առիթով Պապը իր արտասանած խօսքին մէջ յատկապէս շեշտեց եկեղեցիներու միութեան անհրաժեշտութիւնը եւ իրարու միջեւ փոխ հասկացողութեան, փոխ յարաբերութեան ու գործակցութեան հրամայականը։

Նշենք նաեւ, որ Կիրակի, 2 Փետրուար 2025-ին, Հռոմի Սուրբ Վլաս եկեղեցւոյ մէջ, մատուցուեցաւ կիրակնօրեայ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, որուն մասնակցեցան միաբան ու քահանայ հայրերը։ Սուրբ Պատարագի ընթացքին քարոզեց Տէր Գարեգին Պետուրեան։

Ծրագրի աւարտին, մասնակից հոգեւորականներուն տրուեցաւ յատուկ վկայագիր մը։

Աղբիւրը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/02/2025, 12:01