Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ աստուածաբանական երկխօսութեան առնչուած ժողով
27-28 Յունուար 2025-ին, արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքի անդամներ առցանց ժողով մը գումարեցին եւ արժեւորումի ու քննարկումի ենթարկեցին Վատիկանի միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքին հետ վերջին քսան տարիներուն տեղի ունեցած կաթողիկէ եկեղեցի-արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիք աստուածաբանական երկխօսութիւնը։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին օրհնութեամբ, հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ ժողովին մասնակցեցաւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։
Ժողովականներ որոշեցին իրենց զեկոյցը ներկայացնել արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքի գահակալներուն եւ անոնց օրհնութիւնը ստանալէ ետք հանդիպիլ կաթոիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն հետ՝ ճշդելու համար երկխօսութեան յառաջիկայ ընթացքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ