Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանի հիմնադրութեան 200 ամեակի տօնակատարութիւն
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Շաբաթ 8 Փետրուար 2025-ին, երեկոյեան ժամը 5-ին, Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանը մեծ շուքով նշեց իր հիմնադրութեան 200-ամեայ տարեդարձը: Արդարեւ, 1811-ին, Մխիթարեան առաջին դպրոցը հիմնուած է Պէյողլուի Ս․ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ կից, որ ցաւօք հրդեհով մը մոխիրի վերածուած է: Այնուհետեւ, 1825-ին, Բանկալթիի այսօրուայ լիսէն հիմնուած է, որ ամէն հայի հարազատ տուն մը դարձած է, կրթութեան օճախ մը, այլ խօսքով՝ լոյսի կեդրոն մը, շնորհիւ 200 տարիներու վրայ երկարող՝ իր նուիրեալ հոգեւոր մշակներուն, տեսչութեան, ուսուցչական կազմին, հոգաբարձութեան և թաղական մարմնի նուիրական աշխատանքին: Յիշատակութեան արժանի է վարժարանի առաջին վարիչ տեսուչ՝ Հ․ Սերովբէ Մէրճանեանը, որ այդ տարիներուն 13 աշակերտներով սկսած է իր ազգանուէր գործունէութիւնը, որ հետզհետէ սկսած է աճիլ: Պատմութիւնը կը վկայէ թէ Բանկալթիի այս լիսէն իր հիմնադրութեան օրէն, Մխիթարեան պանծալի Հայրերու հովանիին ներքեւ՝ հայ պարման-պարմանուհիներուն հայեցի և քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբած է, ի գին ամէն զոհողութեան:
Այս ուրախալի առիթով՝ Սուրբ և անմահ Պատարագ մատուցանեց և յաւուր պատշաճի քարոզեց Պոլսոյ Հ. Կ. Աւագ Թեմի Առաջնորդ՝ Հ. Վարդան Թ.Ծ.Վ. Գազանճեան, Մխիթարեան Վանատան Անարատ Յղութիւն Ս. Աստուածածին տաճարին մէջ, հայկական ծէսի ամբողջ շքեղութեամբ, առընթերակայութեամբ՝ Հ․ Յակոբոս Ծ․Վրդ․ Չօփուրեանի և Հ․ Սարգիս Ծ․Վրդ․ Էրմէնի Մխիթարեան Հայրերուն:
Սրբազան արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին վաստակաւոր՝ Գերապայծառ Հ. Լեւոն Արք. Զէքիեանը, Գերաշնորհ Տ․ Արամ Արք․ Աթէշեան, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւորական դասը, թեմական հայրեր, վարդապետներ, քահանաներ, սարկաւագներ և դպիրներ, ինչպէս նաեւ՝ համօրէն հաւատացեալներ, որոնք եկած էին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանելու մեծանուն վարժարանի հիմնադիր հայրերուն:
Հայ եկեղեցւոյ բազմաձայն և քաղցրալուր մեղեդիներն ու շարականները՝ աղօթքի կը հրաւիրէին ներկաները: Ճաշու ընթերցումներէն ետք, Հ․ Յակոբոսը բարի գալուստի խօսք արտասանեց, և 200 ամեակի տօնակատարութիւնը բացուած յայտարարեց, սկսեալ գոհաբանական այս սուրբ Պատարագով, և ամբողջ տարուան ընթացքին յաջորդաբար կատարուելիք՝ դասական համերգով, հայ արուեստի գործոց ցուցահանդէսով և բազում այլ ձեռնարկներով:
Այնուհետեւ Պոլսոյ Հ․Կ․ Աւագ Թեմի Առաջնորդ՝ Հ. Վարդան Գերապայծառը իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն, ըսելով․ «Սիրելիներ, Աստուածային ծիսակատարութիւնը զմեզ համախմբեց այսօր Մխիթարեան վարժարանի եկեղեցւոյն յարկին ներքեւ, ուրախութիւն մը, ժպիտ մը ղրկելու դէպի Վենետիկ դէպի Վիեննա, ըսելով՝ մենք հոս ենք։ Մենք կը տօնե՛նք։ Կ՚ապրինք եւ կ՚ապրեցնենք ու դեռ պիտի ապրեցնենք ...:
Այս է որ կը տօնենք, կը տօնակատարենք։ Դպրոցի մը պատերը չեն, որ կը տօնենք։ Առաքելութիւն մըն է, որ կը տօնենք։ Առաքեալնե՛ր է որ կը տօնենք։ Նիւթը չէ որ կը տօնենք, այլ հոգին է, որ կը տօնենք ու պիտի տօնենք։ Ասոր համար է, որ քրիստոնէական տօնակատարութիւնը վերջ ի վերջոյ՝ Աստուծոյ կը դառնայ, որմէ կու գայ ամէն բարիք։
Այս տօնակատարութեամբ Աստուծոյ շնորհակալ ենք, որ մեզի տուաւ այնպիսի առաքեալներ, որոնք շինեցին կառուցեցին այսպիսի դպրոց մը, որ իր կարգին շինեց եւ կերտեց սերունդներ...: Տեղը չէ հոս անդրադառնալու 200 տարիներու արդիւնքին մասին կամ 200-ամեայ այս ծառին համեղ պտուղներուն մասին։
Միայն ըսեմ, որ Մխիթարեան հայրերը մեծապէս նպաստած են հայ կաթողիկէ համայնքին կազմաւորութեան, Թնկրեաններու եւ Տիւզեաններու դաստիարակութեամբ։ Հիմնած են դպրոց, գրած են դասագիրք, կազմակերպած են առաջին դասարաններ, եւ անոնց աշակերտները կազմակերպած ու հիմնած են համայնքներ, դպրոցներ, թերթեր։
Այսօր ուրախութիւն մըն է, որ կը կիսենք, կը բաժնեկցինք, այսինքն իմ ուրախութիւնս՝ ձերը, ձեր ուրախութիւնը՝ իմը կ՚ընենք, որ ուրախանանք, նոյնիսկ մեր դժուարութիւններուն մէջ, թէ Աստուծոյ պարգեւը մինչեւ օրս պահեցինք եւ պիտի փոխանցենք ԱՆՊԱՅՄԱՆ յաջորդ սերունդին։
Մենք միայն յիշատակելու չենք սկսիր այսօր։ 200 տարեկան ծեր դպրոցի մը յոբելեանը չէ որ կը կատարենք, այլ կը տօնենք 200 տարուան երիտասարդ դպրոցը, պատրաստ՝ յաջորդ տարիներուն համար։ Ծրագիր մըն է՝ որ կը տօնենք եւ ոչ թէ պատմութիւն։ Տօնել՝ միայն անցեալը յիշել չի կրնար ըլլալ,այլ է նաեւ եւ կը նշանակէ ապագան «ուրախութեամբ» ծրագրել։
Եկէ՛ք այս 200 ամեակի տօնակատարութիւններուն բացումը ժպիտներով եւ խնդումերես սկսինք, որովհետեւ այս տարի պիտի ծրագրենք գալիք 100 ամեակը։ Ինչպէս մեր Հանրապետութեան, այնպէս ալ Մխիթարեան վարժարանին, որ իր կարգին պիտի պատրաստէ մեր վերջնական հայրենիքին՝ Թուրքիային գալիք 100 ամեակը։
Նոր դաստիարակ սերունդին կ՚ըսեմ՝ կոփէ՛ կերտէ՛ անվա՛խ նոր սերունդը Մխիթարեան։ Իսկ Երէց սերունդին Մխիթարեան՝ Երկնքի մէջ դափնիներ կը սպասեն։ Բարի տօնական տարի մը կը մաղթեմ բոլորիդ»։
Սուրբ Պատարագի աւարտին, Պոլսոյ Հ.Կ. Համայնքը ուրախութեան և ցնծութեան պահեր ապրեցաւ, մասնակցելով սիրոյ ագապին, զոր տեղի ունեցաւ վարժարանի սրահին մէջ, նախագահութեամբ՝ Հ. Կ. Առաջնորդ՝ Հ. Վարդան Թ.Ծ.Վ. Գազանճեանին, մասնակցութեամբ՝ Գերապայծառ Հ. Լեւոն Արք. Զէքիեանին, Գերաշնորհ Տ․ Արամ Արք․ Աթէշեանին, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւորական դասուն, թեմական հայրերուն, վարդապետներուն, քահանայից, սարկաւագաց և դպրաց դասուն, ինչպէս նաեւ՝ Պոլսահայ մեծ ու փոքր հաւատացեալներուն: Այս առթիւ, վարժարանի սաները գեղարուեստական գեղեցիկ յայտագիր մը պատրաստած էին, որով հիացուցին ներկաները վարժարանի հիմներգով, ազգային և ժողովրդական սիրուած երգերով, ասմունքներով և նուագներով: Իսկ ներկաները իրենց կարգին՝ անվերջ ծափահարութիւններով յայտնեցին իրենց անհատնում գոհունակութիւնն ու գնահատանքը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ