Համասի եւ Իսրայէլի միջեւ համաձայնութիւն` 4 Իսրայէլացիներու դիակներու դիմաց Պաղեստինցիներու առկախուած ազատ արձակումի կատարման Շուրջ
Պաղեստինեան Համաս շարժումը յայտարարեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է գերիներու վերջին փոխանակման ընթացքին ազատ չարձակուած պաղեստինցի գերիներու ազատ արձակման շուրջ:
Համաս հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ գերիները ազատ պիտի արձակուին Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութեան առաջին փուլի ընթացքին իսրայէլացի գերիներու դիակներու յանձնման հետ միաժամանակ:
«Գահիրա Իխպարիա» պատկերասփիւռի կայանը նախքան այդ հաղորդած էր, որ միջնորդները գոյացուցած են համաձայնութիւն, որուն հիմամբ Իսրայէլ ազատ պիտի արձակէ այն բոլոր գերիները, որոնք անցեալ շաբաթ որոշուած էր, որ ազատ արձակէ, որուն դիմաց պաղեստինեան շարժումը 4 իսրայէլացիներու դիակներ պիտի յանձնէ:
Իսրայէլ անցեալ շաբաթ օր ետդարձ կատարեց 4 դիակներուն եւ նոյն օրը ազատ արձակուած իսրայէլացի 6 գերիներու դիմաց 620 պաղեստինցի գերիներու ազատ արձակումէն:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու մատնանշեց իսրայէլացի գերիներու ազատ արձակման եւ դիակներու յանձնման ընթացքին «վարկաբեկիչ արարողութիւն»-ը:
Նախքան այդ, իսրայէլացի պաշտօնատարներ յայտնած են, թէ Իսրայէլ քննարկում կը կատարէ Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութեան 42-օրեայ առաջին փուլի երկարաձգման շուրջ` ջանալով ապահովել ազատ արձակումը 63 իսրայէլացի գերիներու, որոնք տակաւին Կազա կը գտնուին, եւ ներկայիս յետաձգել Կազայի ապագային շուրջ համաձայնութիւնը:
19 յունուարին սկսած առաջին փուլը կ՛աւարտի շաբաթ օր:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ