Գերմանիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրելէ ետք. Մերց. «Իմ քաղաքականութեանս առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ Ուաշինկթընէն անկախացումը»
Ինծի համար բացարձակ առաջնահերթութիւն պիտի ըլլայ, որ մենք Միացեալ Նահանգներէն անկախութիւն ձեռք բերենք: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ֆրիտրիխ Մերց:
Մերցի գլխաւորած Քրիստոնէական դեմոկրատական միութիւն/Քրիստոնէական ընկերային միութիւն դաշինքը, ինչպէս կը սպասուէր, յաղթած է կիրակի օր Գերմանիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Դաշինքը ստացած է քուէներուն 28,6 առ հարիւրը, երկրորդ դիրքը գրաւած է ծայրայեղ աջակողմեան Այլընտրանք Գերմանիոյ համար կուսակցութիւնը` 20,8 առ հարիւրով` ապահովելով իր պատմութեան լաւագոյն արդիւնքը, գործող վարչապետ Օլաֆ Շոլցի ձախ կեդրոնամէտ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը գրաւած է երրորդ դիրքը` 16,4 առ հարիւրով` երբեւէ արձանագրած վատագոյն արդիւնքը: Խորհրդարան մուտք գործած են նաեւ ձախ-ազատական «Դաշինք 90-Կանաչներ»-ը` 11,6 առ հարիւրով, եւ Ձախ կուսակցութիւնը` 8,8 առ հարիւրով:
Շոլց ընդունեց ընտրութիւններուն պարտութիւնը` արդիւնքը նկատելով ընկերվար-ժողովրդավարներուն համար դառն: Շոլց նաեւ շնորհաւորեց Քրիստոնեայ ժողովրդավարական միութեան եւ Քրիստոնեայ ընկերային միութեան դաշինքի վարչապետի թեկնածու Ֆրիտրիխ Մերցը:
«Վերջին շաբթուան յայտարարութիւններէն յստակ կը դառնայ, որ Միացեալ Նահանգները համեմատաբար անտարբեր է Ուքրանիոյ ապագային նկատմամբ», ըսած է Մերց:
Պատասխանելով Ուքրանիա գերմանական զօրքեր ուղարկելու կարելիութեան մասին հարցումի մը` ան ըսաւ. «Ես ատիկա կը տեսնեմ այնպէս, ինչպէս վարչապետը (Օլաֆ Շոլցը, «Ա.»)»:
Անոր համաձայն, Ֆրանսան եւ Բրիտանիան պարզապէս երկու երկիրներ են, որոնք «գաղափարներ կը փոխանակեն» այս հարցին մէջ:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ