Ֆիլատելֆիոյ մէջ շտապօգնութեան օդանաւ կnրծանած է. Բոլոր ուղեւորները զոհուած
ԱՄՆ-ի Ֆիլատելֆիա քաղաքին մէջ՝ առեւտուրի կեդրոնի մօտ, բժշկական օդանաւ արկածի ենթարկուած է, որուն մէջ եղած է 6 մարդ՝ անձնակազմի չորս անդամ, մանկական բաժանմունքի մէկ բուժառու եւ ուղեկցորդը։ Պայթումի հետեւանքով տուներ եւ մեքենաներ վնասուած են։
«Ներկայ դրութեամբ մենք չենք կրնար վստահեցնել, որ կան փրկուածներ»,- յայտարարած են Jet Rescue Air Ambulance-էն։
«Learjet 55-ը վթարի ենթարկուած է տեղական ժամանակով ժամը 18:30-ի սահմաններուն ուրբաթ օր՝ յունուար 31-ին, Ֆիլատելֆիոյ հիւսիսարեւելեան միջազգային օդակայանէն թռիչքէն ետք»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Գործակալութեան տուեալներով՝ օդանաւը կ՚ուղեւորուէր Սփրինկֆիլտ-Պրենսընի օդակայան, որ կը գտնուի Միսսուրի նահանգին մէջ։
Ինքնաթիռը կը տեղափոխէր մեքսիկացի աղջնակ, որ կը բուժուէր վտանգաւոր հիւանդութենէ։ Ինքնաթիռի կործանման պատճառները դեռ յայտնի չեն։
Աղբիւրը՝ Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ