MAP

Եւրոպական միութեան դրօշակը Եւրոպական միութեան դրօշակը  (AFP or licensors)

Եւրոպական Միութիւնը առկախեց Սուրիոյ հաղորդակցութիւններու, ուժանիւթի եւ դրամատուներու մարզերուն ոլորտներուն դէմ հաստատուած պատժամիջոցները

Միութեան անդամ 27 պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարները Պրիւքսելի մէջ իրենց ժողովի ընթացքին որդեգրեցին հաղորդակցութիւններու, ուժանիւթի եւ դրամատուներու ոլորտներուն դէմ հաստատուած պատժամիջոցները:

Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները երկուշաբթի օր առկախեցին Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները, որոնք կը վերաբերին տնտեսական գլխաւոր ոլորտներուն: Այս մասին յայտարարեց Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Մայա Քալլաս:

Միութեան անդամ 27 պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարները Պրիւքսելի մէջ իրենց ժողովի ընթացքին որդեգրեցին հաղորդակցութիւններու, ուժանիւթի եւ դրամատուներու ոլորտներուն դէմ հաստատուած պատժամիջոցները:

«Եւրոպական Միութիւնը երկուշաբթի օր պիտի առկախէ դրամատուներու, ուժանիւթի եւ փոխադրամիջոցներու ոլորտներուն դէմ հաստատուած պատժամիջոցները` փորձելով օգնել Պաշշար Ասատի տապալումէն ետք երկրին վերաշինութեան», նախապէս յայտնած էին դիւանագէտներ:

Այս կը նկատուի պաշտօնական քայլ մը, որ կը հետեւի անցեալ ամիս Եւրոպական Միութեան մէջ գլխաւոր ոլորտներու մէջ պատժամիջոցները առկախելու նախնական համաձայնութեան գոյացումին:

Դամասկոս Արեւմուտքին կոչ կ՛ուղղէ` մեղմացնելու երկրին դէմ հաստատուած պատժամիջոցները, սակայն Եւրոպան եւ այլ ուժեր կը զգուշանան քայլ կատարելէ, նախքան սուրիական նոր վարչակարգին կողմէ քաղաքական համապարփակ փոխանցման լրջութեան վերաբերեալ յստակ ցուցանիշեր ստանալը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/02/2025, 07:25