Ազրպէյճանը Հայկական Նշանաւոր Դադիվանքն ու Գանձասարի Վանական Համալիրը կը համարէ «Ուտիական» եւ «Աղուանական» սակայն իրականութիւնը այլ Է
Հայկական միջնադարեան նշանաւոր վանական համալիրներէն է Դադիվանքը (Խութավանք), որուն մասին մատենագիտական առաջին յիշատակումները կատարուած են 9-րդ դարուն: Աւանդութեան համաձայն, եկեղեցին հիմնուած է Ս. Թադէոս առաքեալի հետեւորդ Դադէի կողմէ` Ա. դարուն: Դադիվանքը եղած է Խաչէնի կրօնական եւ մշակութային մեծ կեդրոն: Գլխաւոր եկեղեցին կաթողիկէ Սուրբ Նշանն է, որ 1214 թուականին կառուցած է Հաթերքի հայոց մեծ իշխան Վախթանգի կինը` Արզուխաթունը: Յայտնի է, որ Դադիվանքին մէջ 1184 թուականին Մխիթար Գոշ աւարտած է իր հռչակաւոր «Դատաստանագիրք Հայոց»-ը: Վանական համալիրի տարածքին մէջ պահպանուած են բազմաթիւ խաչքարեր եւ որմնագիր հայալեզու արձանագրութիւններ: 2021 թուականի մայիսէն հայերու մուտքը բռնագրաւուած Դադիվանքի տարածք արգիլուած է ազրպէյճանցիներու կողմէ: Այս մասին գրած է «Գեղարդ» հիմնադրամը:
Թէեւ ուտիները քրիստոնեաներ են եւ կրած են հայ ժողովուրդի մշակութային ազդեցութիւնը, սակայն Դադիվանքի եկեղեցական ճարտարապետութիւնն ու նիւթական մշակոյթը կը վկայեն վանական համալիրին հայկական ըլլալուն անհերքելիութիւնը:
Ազրպէյճանցիները Գանձասարի վանական Համալիրը կը Համարեն «Աղուանական»։
13-րդ դարու հայկական ճարտարապետութեան «Գոհարն ու շտեմարան»-ն է Գանձասարի հռչակաւոր վանական համալիրը: Վանքը առաջին անգամ յիշատակուած է 10-րդ դարու կէսերուն` հայոց կաթողիկոս Անանիա Մոկացիի կողմէ: 1216-1238 թուականներուն Խաչէնի գահերէց մեծ իշխան Հասան Ջալալ-դոլան կառուցած է Գանձասարի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին` անոր հիւսիսային պատին ձգելով 27 տողէ բաղկացած վիմագիր արձանագրութիւն:
14-րդ դարու վերջերէն մինչեւ 1815 թուականը վանքը եղած է Գանձասարի կաթողիկոսութեան աթոռանիստը, ունեցած է հարուստ ձեռագրատուն, դպրանոց: 18-րդ դարու սկիզբը հանդիսացած է Արցախի ազատագրական շարժման կեդրոն: Վանքի պատերուն կայ շուրջ 200 հայերէն արձանագրութիւն: 2023 թուականի սեպտեմբերին` Արցախի ամբողջական բռնագրաւումէն եւ հայաթափումէն ետք, Գանձասարի վանքը բռնագրաւուած է Ազրպէյճանի կողմէ:
Անհնար է պատկերացնել, թէ ինչպէ՛ս կրնար Գանձասարի հայկական վանական համալիրը համարուիլ «աղուանական եկեղեցական ճարտարապետութեան մարգարիտ, երբ 13-րդ դարուն Արցախի մէջ եւ, ընդհանրապէս, տարածաշրջանին մէջ աղուանական բնակչութիւն գոյութիւն չունէր արձանագրութիւն:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ