MAP

Թրամփ եւ Փութին Թրամփ եւ Փութին 

Փութին-Թրամփ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն. Փոխադարձ այցելութիւնն

Թրամփ նշեց, որ Փութինի հետ համաձայնած է Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ պատերազմին վերջ տալու փափաքին շուրջ, ինչպէս նաեւ այն հարցով, որ առնչակից խումբերը անմիջապէս սկսին բանակցութիւններու:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ քննարկած է Ուքրանիոյ, Միջին Արեւելքի, ուժանիւթի, արհեստական բանականութեան եւ տոլարի հարցերը, ինչպէս նաեւ Փութինի հետ համաձայնած է փոխադարձ այցելութիւններ կատարելու:

Թրամփ նշեց, որ Փութինի հետ համաձայնած է Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ պատերազմին վերջ տալու փափաքին շուրջ, ինչպէս նաեւ այն հարցով, որ առնչակից խումբերը անմիջապէս սկսին բանակցութիւններու:

Թրամփ յայտարարեց, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիին պիտի հեռաձայնէ` զինք տեղեակ պահելու Փութինի հետ իր զրոյցէն:

Քրեմլին իր կարգին հաղորդեց, որ Փութին Թրամփը հրաւիրած է Ռուսիա այցելելու` աւելցնելով, որ մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին անոնք համաձայնած են հանդիպում ունենալու:

«Սի.Էն.Էն.»-ի համաձայն, հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած է երէկ առտու:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/02/2025, 08:20