MAP

2024.04.06 Quartiere Armeno di Gerusalemme

Երուսաղէմի քաղաքապետարանը կը փորձէ բռնագրաւել հայոց պատրիարքարանի անշարժ գոյքը

Կը նշուի, որ եթէ հայցը մերժուի, Երուսաղէմի քաղաքապետարանը պիտի բռնագրաւէ պատրիարքարանի անշարժ գոյքն ու զայն աճուրդի հանէ, որպէսզի բռնի գանձէ վիճայարոյց պարտքերը, որոնք դատական հոլովոյթներով երբեք չեն ապացուցուած:

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանը ահազանգած է, որ Երուսաղէմի քաղաքապետարանը կը փորձէ բռնագրաւել դարեր շարունակ Հայոց պատրիարքարանին պատկանող անշարժ գոյքը, որպէսզի, իր իսկ պնդումով, բռնի կերպով գանձէ 1994 թուականէն ի վեր համայնքային տուրքերու համար գոյացած պարտքերը: Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանը, ի նշան բողոքի, ներկայացուցած է վարչական հայց, որուն լսումը նշանակուած է 24 փետրուարին:

Կը նշուի, որ եթէ հայցը մերժուի, Երուսաղէմի քաղաքապետարանը պիտի բռնագրաւէ պատրիարքարանի անշարժ գոյքն ու զայն աճուրդի հանէ, որպէսզի բռնի գանձէ վիճայարոյց պարտքերը, որոնք դատական հոլովոյթներով երբեք չեն ապացուցուած:

«Հայոց պատրիարքարանին դէմ գործ յարուցելը, անոր ենթադրեալ պարտքը վճարել ստիպելը եւ, առաւել եւս, անոր ունեցուածքի բռնագրաւումը, կրնայ վտանգել Սուրբ Երկիրին մէջ Հայոց պատրիարքարանի երկարամեայ առաքելութիւնը, որ սկսած է 7-րդ դարէն: Աւելի՛ն, ատիկա կրնայ սպառնալ հայ համայնքի Սուրբ Երկիրին մէջ շարունակական ներկայութեան, որ կը թուագրուի 4-րդ դարով», կը նշուի պատրիարքարանի հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ անոր, ասիկա Երուսաղէմի քաղաքապետարանին կողմէ բացայայտ փորձ է` տնտեսական ճնշումներու միջոցով խարխլելու Հայոց պատրիարքարանը` նպատակ ունենալով նուազեցնել Պաղեստինի մէջ անոր ներկայութիւնը:

«Իսրայէլի վարչապետ պարոն Պենիամին Նեթանիահուին, ներքին գործոց նախարար պարոն Մոշէ Արպելին եւ կառավարական կոմիտէի ղեկավար պարոն Ցաչի Հանեկպիին կոչ կ՛ուղղենք, վճռականօրէն միջամտելու եւ անյապաղ սառեցնելու Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին դէմ քաղաքապետարանի բոլոր քայլերը: Մենք նաեւ կոչ կ՛ուղղենք` վերսկսելու այս կառավարական յանձնախումբի նիստերը` բացառապէս յանձնախումբի կողմէ սահմանուած ծիրին մէջ բանակցութիւններու միջոցով այս խնդիրին խաղաղ լուծում գտնելու համար», կը նշուի պատրիարքարանի հաղորդագրութեան մէջ:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/02/2025, 08:04