Ազգային Ժողովը առաջին ընթերցումով ընդունեց Եւրոպական Միութեան Հայաստանի անդամակցութեան գործընթացի մեկնարկի օրինագիծը
«Հայաստան» խմբակցութիւնը չմասնակցեցաւ քուէարկութեան:
Խորհրդարանը երէկ 63 կողմ եւ 7 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ առաջին ընթերցումով ընդունեց Եւրոպական Միութեան Հայաստանի անդամակցութեան գործընթացի մեկնարկի մասին օրէնքի նախագիծը:
«Հայաստան» խմբակցութիւնը չմասնակցեցաւ քուէարկութեան:
Եւրոպամէտ ուժերու «Եւրաքուէ» նախաձեռնութեան կողմէ ստորագրահաւաքի միջոցով այս նախագիծը նախ ուղարկուած էր կառավարութիւն, ապա Ազգային ժողով: Իշխող ուժի պատգամաւորներուն համաձայն, «այս նախագիծը ոչ թէ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան դիմում է, այլ` ուղերձ Եւրոպական Միութեան, քաղաքական կամքի արտայայտում»:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
13/02/2025, 08:19