MAP

Հալէպի մէջ. Together նախաձեռնութեան նոր հաւաք Հալէպի մէջ. Together նախաձեռնութեան նոր հաւաք 

Հալէպի մէջ. Together նախաձեռնութեան նոր հաւաքը նուիրուած էր երիտասարդ զոյգերուն

Հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, համագործակցութեամբ՝ Together հաստատութեան, «Սիրոյ Հինգ Լեզուները» խորագիրը կրող երիտասարդ ամուսնացած զոյգերու սեմինար՝ Հալէպի մէջ

Հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի,  համագործակցութեամբ՝ Together հաստատութեան, «Սիրոյ Հինգ Լեզուները» խորագիրը կրող երիտասարդ ամուսնացած զոյգերու սեմինարը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 16 Փետրուար 2025-ին, երեկոյեան ժամը 6։00-ին, «Շիրաթօն» պանդոկի «Համատանի» սրահէն ներս: Սեմինարին իրենց մասնակցութիւնը բերին (18-45) տարեկան 140-է աւելի մասնակիցներ, ներկայութեամբ՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանի եւ Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ տիար Միհրան Վարդապետեանի։ Սրբազան Հայրը խօսք առնելով իր հայրական խրատները եւ օրհնութիւնները փոխանցեց երիտասարդ ամուսնացած զոյգերուն։ Ան գնահատեց «Together» հաստատութեան Սուրիոյ ներկայացուցիչ տիար Յակոբ Յակոբանը եւ ողջ անձնակազմը՝ այս շինիչ սեմինարին համար։

Ապա, տէր եւ տիկին Լիզա եւ Սեւակ Տիշոյեաններ եւ Սէրլի Սարգիսեան ներկայացուցին զաւեշտ մը տուեալ նիւթին առնչուած։

Սեմինարին նիւթը ներկայացուց Together հաստատութեան Սուրիոյ ներկայացուցիչ տիար Յակոբ Յակոբեան մատնանշելով, որ իւրաքանչիւր անձ ունի իր սիրոյ լեզուն ինչպէս՝ քաջալերական խօսքեր, ֆիզիքական հպում, նուէրներու փոխանակում, ժամանակ տրամադրել եւ օգտակար դառնալ իրար։

Օժանդակ մարմինի երիտասարդ զոյգերը իրենց աջակցութիւնը բերին կազմակերպչական աշխատանքներուն։ Յայտագիրը ընթացաւ խմբային դրութեամբ, տիկին Անժէլա Յակոբեանի գլխաւորութեամբ զոյգերը հարցաթերթիկը ամբողջացուցին՝ զանազան խաղեր ունենալով։

Այսպիսով զոյգերը իրենց ստացած գիտելիքները ի գործ դրին քաղցր խօսքեր փոխանակելով եւ ծաղկեփունջ մը նուիրելով։

Սեմինարէն ետք, ներկաները սիրոյ սեղանի շուրջ ընթրեցին, յուսալով, որ այս մէկը խթան կը հանդիսանայ ապագայ ծրագիրներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/02/2025, 09:10