Յորդանանի Թագաւորը կը զգուշացնէ այսրյորդանանի զարգացումներու վտանգաւորութենէն
Յորդանանեան արքունիքը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, որ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը հեռաձայնած է Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Մայք Ուոլցին եւ անոր հետ քննարկած Յորդանանի ու Միացեալ Նահանգներու միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան ամրապնդման կարելիութիւնները:
Թագաւորը ընդգծած է հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարբեր հարցերու շուրջ համակարգումը մնայուն դարձնելու անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով շրջանին մէջ եւ աշխարհին տարածքին կայունութեան ամրապնդման ու խաղաղութեան հաստատման մէջ Միացեալ Նահանգներու առանցքային դերակատարութեան կարեւորութիւնը:
Ապտալլա Բ. թագաւոր շեշտած է «Կազայի մէջ զինադադարի յարատեւման երաշխաւորման եւ մարդասիրական օժանդակութիւններու հոսքը աւելցնելու կարեւորութիւնը»` զգուշացնելով «Այսրյորդանանի մէջ զարգացումներու, Երուսաղէմի մէջ իսլամական եւ քրիստոնէական սրբավայրերու վրայ յարձակումներու վտանգաւորութենէն»:
Ան նաեւ նշած է «Սուրիոյ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը շրջանի կայունութեան համար հիմնական են»:
Միւս կողմէ, Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի Տաւոսի տնտեսական համաշխարհային համախմբումի նիստի ընթացքին զգուշացուց Ժենին քաղաքին ու անոր գաղթակայանին վրայ իսրայէլեան լայնածաւալ յարձակումին ու անոր պատճառած զոհերուն, վիրաւորներուն ու քանդումին լոյսին տակ Կազայի դէպքերու Այսրյորդանանի մէջ կրկնութենէն:
«Այն, ինչ որ Այսրյորդանանի մէջ տեղի ունեցաւ, շատ վտանգաւոր է, պէտք է դադրի եւ Կազայի մէջ տեղի ունեցածին կրկնութեան չյանգի», շեշտեց յորդանանեան դիւանագիտութեան պետը` նշելով, որ զինուորական լուծումները միայն յաւելեալ տագնապի պիտի յանգեցնեն, «ատիկա անցեալին չյաջողեցաւ, եւ հիմա ալ պիտի չյաջողի»:
«Շրջանին մէջ մագլցումը մեղմացնելու առիթ մը կայ, եւ անոր յաջողութիւնը կը պահանջէ, որ բոլորը իրենց դերը կատարեն», նշեց Սաֆատի:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ