60 օրուան պայմանաժամի աւարտին. Հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ գիւղերու բնակիչները բանակի ընկերակցութեամբ` զոհեր եւ վիրաւորներ տալով բազմաթիւ գիւղեր մուտք գործեցին
Երէկ վերջ գտաւ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ 27 նոյեմբերին գոյացած զինադադարի համաձայնութեան համաձայն լիբանանեան բոլոր հողերէն հեռանալու 60 օրուան պայմանաժամը, սակայն Իսրայէլ զայն չյարգեց եւ շարունակեց զինադադարի խախտումներն ու հարաւային Լիբանանի մէջ իր ականահարումները:
Իսրայէլեան բանակը երէկ առաւօտեան զգուշացուց հարաւային Լիբանանի շարք մը սահմանամերձ գիւղեր ուղղուելէ, սակայն հակառակ այդ զգուշացման հարաւային Լիբանանի բնակիչները սկսան իրենց գիւղեր ուղղուիլ: Հազարաւոր քաղաքայիններ իրենց գիւղերու մուտքերուն հաւաքուեցան, սակայն իսրայէլեան բանակը գնդացիրներէ կրակ բացաւ եւ կարգ մը ռումբեր նետեց քաղաքացիներուն ուղղութեամբ: Վերջիններս քալելով ուղղուեցան իրենց գիւղեր` շրջանցելով իսրայէլեան ուժերու հաստատած պատուարները եւ անտեսելով անոնց կրակոցները: Անոնց ընկերակցեցաւ լիբանանեան բանակը:
Արձանագրուեցան 22 զոհեր եւ 124 վիրաւորներ: Նահատակուեցաւ նաեւ լիբանանեան բանակէն զինուոր մը եւ վիրաւորուեցաւ մէկ ուրիշը:
Լիբանանեան զինուորական աղբիւր մը «Սքայ Նիուզ» Արապիա»-ին յայտնեց. «Իսրայէլեան բանակը հարաւային Լիբանանի մէջ 18 գիւղերէ հեռացաւ»: «Էլ.Պի.Սի.» իր կարգին հաղորդեց. «Լիբանանեան բանակը քաղաքացիներուն հետ հարաւային Լիբանանի մէջ մուտք գործեց 18 գիւղեր, եւ կը մնան Պուսթան, Մարուահին եւ Թիլալ Լապուէ գիւղերը»: «Մանար» պատկերասփիւռի կայանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ տակաւին Իսրայէլի ձեռքը մնացող սահմանամերձ կէտերն են Մարուահինը, Պլաթը, Մարուն Ռասը, Այթարունը, Եարունը, Պլիտան, Մուհայպեպը, Հուլան, Մէյս Ժապալը եւ Ուազզանին: Քֆարշուպայի քաղաքապետութիւնը յայտարարեց, որ գիւղի բնակչութիւնը կրնայ այսօր առտուընէ վերադառնալ իր տունը:
Իսրայէլեան բանակի բանբեր Տանիէլ Հակարի յայտնեց. «Հարաւային Լիբանանի մէջ շարք մը կասկածելիներ ձերբակալեցինք` մեր ուժերուն մօտ գտնուելնուն եւ անոնց վտանգ ներկայացնելնուն ժամանակ»:
Պաապտայի պալատը շաբաթ օր հաղորդած էր, որ նախագահ Ժոզեֆ Աուն Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնած է, որ պէտք է Իսրայէլին ստիպել զինադադարի համաձայնութիւնը յարգել եւ իր իրերայաջորդ խախտումները դադրեցնել:
Նախագահ Աուն երէկ հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն ուղղուած հաղորդագրութեան մը մէջ շեշտեց. «Այսօր Լիբանանի եւ լիբանանցիներու յաղթանակի օրն է, իրաւունքին, գերիշխանութեան եւ ազգային միասնականութեան յաղթանակի օրը: Մինչ ձեզի հետ այս մեծ ուրախութիւնը կը բաժնեմ, ձեզի կոչ կ՛ուղղեմ` ինքնազսպումի եւ վստահութիւն ունենալու լիբանանեան զինեալ ուժերուն վրայ, որոնք նախանձախնդիր են մեր գերիշխանութեան ու անվտանգութեան պաշտպանման, եւ ձեր տուներ ու գիւղեր ձեր անվտանգ վերադարձի ապահովման»:
«Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը սակարկելի չեն, եւ ես այս հարցը կը հետապնդեմ բարձրագոյն մակարդակներով` երաշխաւորելու համար ձեր իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը: Լիբանանեան բանակը միշտ ձեր կողքին է, ուր որ ալ ըլլաք, եւ պիտի շարունակէ յանձնառու մնալ ձեզ պաշտպանելու եւ ձեր անվտանգութիւնը ապահովելու», նշեց հանրապետութեան նախագահը` աւելցնելով. «Միասնաբար աւելի ուժեղ պիտի ըլլանք, միաւորուած Լիբանանի դրօշին տակ»:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ողջունեց եւ իր գնահատանքը արտայայտեց Լիբանանի հարաւային սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներուն, մինչ անոնք զինադադարի համաձայնութեան հիմամբ ճշդուած 60 օրուան պայմանաժամի աւարտին սկսան իրենց գիւղերը ուղղուիլ:
«Այսօրուան ձեր արարքը հաստատեց, որ հայրենասիրութեան եւ Լիբանան հայրենիքի, պատգամի եւ ազատութեան պատկանելիութեան արժեչափը դուք էք, եւ անիկա այն հողն է, որուն վրայ կանգնած էք», ըսաւ Պըրրի:
«Դուք այսօր մերձաւորին ու հեռաւորին կը փաստէք ձեր մեծ հայրենասիրութիւնը, եւ հողը պատիւին նման ամէն զոհաբերութեան արժանի է, եւ գերիշխանութիւնը կենդանի արարք է եւ ոչ թէ արտասանուող նշանաբան», աւելցուց ան:
Պըրրի ըսաւ, որ արձանագրուող նահատակներն ու վիրաւորները «կտրուկ կերպով կը փաստեն, թէ Իսրայէլ կը շարունակէ Լիբանանի գերիշխանութիւնը ոտնահարել»:
Նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ իր կարգին յայտնեց, որ կը բաժնէ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի Լիբանանի գերիշխանութիւնը պաշտպանելու եւ քաղաքացիներուն հարաւ անվտանգ վերադարձը ապահովելու դերակատարութեան նկատմամբ ամբողջական վստահութիւնը»:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ողջունեց «հարաւային Լիբանանի մէջ իրենց հողերուն կառչող քաղաքացիները եւ անոնք, որոնց իսրայէլեան յարձակումը ստիպեց տեղահանուիլ, մասնաւորաբար անոնք, որոնք այսօր որոշեցին վերադառնալ եւ քաջութեամբ դիմակայեցին թշնամիի կրակոցները»` աւելցնելով, որ անոնց հայրենասիրութիւնը ուրիշներուն օրինակ դարձաւ:
«Զինադադարի փոխհասկացողութիւնը հովանաւորած պետութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք` յարձակումը զսպելու եւ իսրայէլացի թշնամիին իր բռնագրաւած հողերէն հեռանալ ստիպելու իրենց պարտաւորութիւններուն տէր կանգնելու», ըսաւ Սալամ` աւելցնելով, որ ինք առնչակիցները զգուշացուցած է, որ զինադադարի կէտերու եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութենէն որեւէ նահանջ «ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ»:
Նախկին նախագահ Միշել Աուն շեշտեց. «Հողը իր զաւակներուն է, որոնք զայն իրենց արիւնով կը ջրեն, անոր, որ զայն իր մարմինով կը պաշտպանէ, անոր, որ կը նահատակուի վերադարձի ճամբուն վրայ»` ընդգծելով. «Ոչ ոք կրնայ զինք անկէ արմատախիլ ընել»:
Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան յայտնեց. «Ոչ իսկ մէկ թիզ հողին իսրայէլեան բռնագրաւումը պիտի ընդունինք»` աւելցնելով. «Լիբանանի արժէքը իր Դիմադրութեան արժէքին մէջ է, եւ (շիի) դիմադրող երկեակը Լիբանանի գերիշխանութեան ու զոհողութիւններուն կեդրոնն է»:
Շիիներու իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ ըսաւ. «Ասիկա պատմական օր մըն է, զոր լիբանանեան բանակին հետ գրեցին հարաւային Լիբանանի գիւղերու բնակիչները»` աւելցնելով. «Մեր շրջանները պիտի ազատագրենք, հակառակ թշնամիի սպառնալիքներուն եւ մեր դէմ շղթայազերծած ցեղասպանութեան պատերազմին»:
«Հըզպալլայի ղեկավարներէն Ղալեպ Ապու Զէյնապ շեշտեց, որ այսօրուան պատկերը «յաղթանակ է, որ կը յիշեցնէ 2006 թուականի յաղթանակը», եւ «Դիմադրութեան շրջապատն ու հարաւային Լիբանանի բնակիչները չեն կրնար պարտութեան մատնուիլ»:
Ան նշեց, որ այս վերադարձը «վտանգներով լեցուն է, սակայն հարաւային Լիբանանի բնակիչները պնդեցին վերադարձին վրայ, եւ իրենց իրաւունքը իրենց ձեռքով առին, որովհետեւ ժողովուրդը կը յառաջանայ, բանակն ալ անոնց հետ»:
Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնեց. «Հարաւային Լիբանանի բնակիչները այսօր, ինչպէս իւրաքանչիւր օր, կը փաստեն, թէ հողին զաւակներն են»` նշելով, որ թշնամին համաձայնութիւն կամ որոշում չի յարգեր, եւ հարաւային Լիբանանի բնակիչները ամէնէն հզօր պատգամը յղեցին միջազգային ընտանիքին, որպէսզի Իսրայէլի վրայ ճնշում գործադրեն, որ ան գործադրէ միջազգային որոշումները:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ եւս իր աջակցութիւնը յայտնեց հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն` յայտնելով, որ անոնք «հերոսներ են, կառչած են իրենց հողին, ուստի զայն չեն կորսնցներ»` աւելցնելով. «Իսրայէլ չի կրնար այդտեղ մնալ»:
«Այնպէս կը թուի, թէ հողին տէրերուն երաշխիքը բոլոր պետութիւններու երաշխիքէն աւելի զօրաւոր է», ընդգծեց Պասիլ:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի իր կարգին ըսաւ, որ կը խոնարհի հարաւի մէջ անզէն քաղաքային նահատակներուն ու վիրաւորներուն, եւ անոնց մաքուր կամքին առջեւ, ընդդէմ բռնագրաւումի մը, որ կը խախտէ զինադադարի համաձայնութիւնը:
Հարիրի նաեւ ողջունեց ազգային բանակը` աւելցնելով. «Կը յուսամ, որ մեր ժողովուրդը կը յարգէ իր պաշտպանութեան համար բանակին ցուցմունքները»` շեշտելով. «Միջազգային ընտանիքը պէտք է անմիջապէս տէր կանգնի իր օրէնքներէն եւ իր երաշխաւորած համաձայնութենէն դուրս եկած բռնագրաւումին նկատմամբ իր պարտաւորութիւններուն` աւելցնելով, որ այդ համաձայնութիւնը հովանաւորած էին մեծ պետութիւններ, եւ Լիբանան զայն ամբողջական կերպով յարգեց:
Երեսփոխան Էլիաս Ժրատի շեշտեց, որ այն, ինչ որ այսօր տեղի կ՛ունենայ «պատմութեան պատգամ է եւ մարդասիրական պատգամ մը հայրենիքին ու հողին, եւ ոչ միայն հարաւային Լիբանանին»: Ան իր խօսքը լիբանանեան պետութեան ուղղելով յայտնեց. «Պէտք չէ հարաւային Լիբանանի բնակիչները առանձին ձգելով անցեալի սխալները կրկնել»: Ան նաեւ իր խօսքը բոլոր լիբանանցիներուն ուղղելով ըսաւ. «Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցածէն գերիշխանութիւնն ու հայրենասիրութիւնը սորվեցէք»:
Երեսփոխան Նետիմ Ժեմայել նշեց. «Հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն իրենց գիւղերն ու տուները վերադառնալը սրբազան իրաւունք է, եւ այսօր անհրաժեշտութիւն ու առաջնահերթութիւն է, սակայն աւելի կարեւորը այն է, որ անոնց վերադարձը անվտանգ ըլլայ»` աւելցնելով. «Լիբանանեան պետութիւնը պէտք է նախանձախնդիր ըլլայ ատոր եւ պէտք եղած քայլերը որդեգրէ քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը ապահովելու համար»:
Ան շնորհաւորեց հարաւային Լիբանանի բնակիչները անոնց «վերադարձին առիթով, այն յոյսով, որ վերջնական ըլլայ եւ աւարտը ըլլայ պատերազմի մը եւ բախումներու, որոնք Լիբանանի եւ լիբանանցի ժողովուրդի ընտրանքը չէին, ինչպէս նաեւ սկիզբը ըլլայ իրենց գիւղերուն մէջ արժանապատուութեամբ, խաղաղութեամբ ու կայունութեամբ ապրելու նոր էջի մը»:
Անկախութիւն շարժումի ղեկավար, երեսփոխան Միշել Մուաուատ կոչ ուղղեց, որ «բոլորս կանգնինք բանակին ու օրինականութեան կողքին եւ յարգենք անոր ցուցմունքները` պաշտպանելու մեր հարազատները եւ ամբողջովին վերատիրանալու համար մեր գերիշխանութեան»` աւելցնելով. «Իսրայէլ պէտք է Կապոյտ գիծէն ետ հեռանայ մեր հողերէն, գիւղաքաղաքներէն ու գիւղերէն, ինչպէս զինադադարի համաձայնութեան մէջ նշուած է, եւ Հըզպալլան պէտք է շտապէ իր կեդրոններն ու զէնքերը ամբողջութեամբ յանձնելու լիբանանեան բանակին, սկսելով Լիթանիի հարաւէն, ինչպէս անոր բանակցած համաձայնութեան մէջ նշուած է, եւ ան անձամբ անոր համաձայն գտնուեցաւ»:
«Ժամանակն է արեան, բռնագրաւումի եւ քանդումի էջը փակելու, եւ ատիկա պիտի չիրականանայ մարդոց զգացումները շահագործելով կամ տապալած ու քանդիչ նշանաբաններով, այլ պետութեան ու անոր հաստատութիւններուն շուրջ համախմբուելով, եւ իր բոլոր կէտերով գործադրելով զինադադարի համաձայնութիւնը եւ դադրեցնելով կառավարութեան կազմութեան խոչընդոտումը, որպէսզի պետութիւնը կարենայ Լիբանանը, անոր գերիշխանութիւնն ու ժողովուրդը պաշտպանելու պարտականութիւնը կատարել»:
Էլիզէի պալատը հաղորդեց. «Մաքրոն Նեթանիահուէն պահանջեց հեռացնել իսրայէլեան ուժերը, որոնք տակաւին Լիբանանի մէջ տեղակայուած կը մնան»:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ