MAP

2021.11.09 Emiciclo del Consiglio d'Europa a Strasburgo

ԵԽԽՎ-ն Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` ազատ արձակելու Արցախի ղեկավարութիւնն ու պատերազմական միւս գերիները

Փաստաթուղթը մտահոգութիւն յայտնած է շարք մը երկիրներու մէջ, ներառեալ Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի մէջ ժողովրդավարական յետընթացի եւ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն նկատմամբ:

Սթրազպուրկի մէջ ԵԽԽՎ-ի ձմեռնային նստաշրջանին մէջ բանավէճ տեղի ունեցած է անդամ երկիրներուն մէջ 2024 թուականի կացութեան մասին, այդ բանավէճին հիմամբ ալ որդեգրուած է թիւ 2580 բանաձեւը, որուն մէջ կ՛ըսուի, թէ ԵԽԽՎ-ն բարձր կը գնահատէ Դիտարկման յանձնաժողովի աշխատանքը, որ կը վերահսկէ 14 երկիրներուն մէջ կացութեան:

Փաստաթուղթը մտահոգութիւն յայտնած է շարք մը երկիրներու մէջ, ներառեալ Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի մէջ ժողովրդավարական յետընթացի եւ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն նկատմամբ:

Մասնաւորաբար, վեհաժողովը «լուրջ մտահոգուած է Ազրպէյճանի մէջ ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան եւ մարդու իրաւունքներու հետագայ վատթարացումով, մասնաւորաբար` շարունակուող բռնաճնշումներու քաղաքական ու քաղաքացիական գործիչներու, լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու եւ իշխանութեան այլ քննադատներու նկատմամբ»:

Բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ իշխանութիւններուն դադրեցնելու հետապնդումները եւ անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր անոնք, որոնք կալանաւորուած են քաղաքական դրդապատճառներով:

Նշուած է նաեւ, որ ԵԽԽՎ-ն կը շարունակէ վերահսկել կացութիւնը Արցախի ղեկավարութեան եւ այլ պատերազմական գերիներու հարցին մէջ` Ազրպէյճանին կոչ ուղղելով ազատ արձակելու զանոնք:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/01/2025, 08:44