1990 մոնտիալի հերոս «Թոթօ» Սքիլաչի ոչ եւս է
Երէկ մահացաւ Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցած 1990-ի Մոնտիալի իտալացի յառաջապահ Սալվաթորէ «Թոթօ» Սքիլաչի` 59 տարեկան հասակին քաղցկեղի պատճառով:
Սքիլաչի, որ անծանօթ յառաջապահ մըն էր, այդ Մոնտիալին դաշտ ներկայացաւ Իտալիոյ առաջին մրցումին իբրեւ պահեստի յառաջապահ եւ իր մասնակցած 7 մրցումներուն նշանակեց 6 կոլ` դառնալով Իտալիոյ հերոսը եւ առաջնորդելով Իտալիան 3-րդ դիրքի:
Սքիլաչի, որ ծնած էր Փալերմոյի մէջ, հիւանդանոցն էր եւ կը տառապէր աղիքային քաղցկեղէ:
«Ֆութպոլի հերոս մը կը լքէ մեզ… Անձ մը, որ իտալացիներուն սիրտը գրաւեց: Սալվաթորէ Սքիլաչի` «Թոթօ» անունով ճանչցուած, յառաջապահ մը Իտալիոյ 1990-ի Մոնտիալին, «կախարդեց» գիշերները մեր ազգային խումբին հետ: Շնորհակալ ենք այդ գեղեցիկ զգացումներուն, մեզի երազելու պատճառ դառնալուն` տօնելու եւ մեր դրօշը բարձր պահելու համար: Ցտեսութիւն եւ պոն վուայաժ «ախոյեա՛ն», ըսաւ Իտալիոյ վարչապետ Ճիորճիա Մելոնի «Էքս» ընկերային ցանցին վրայ:
Նշենք, որ Սքիլաչի ծնած էր 1 դեկտեմբեր 1964-ին եւ մաս կազմած Մեսինա ակումբին` կատարելով 219 մրցումներ, նշանակելով 61 կոլեր մինչեւ 1989, ապա Եուվենթուսի հետ 1989-էն 1992 մասնակցելով 90 մրցումներու եւ նշանակելով 26 կոլեր Ինթեր Միլանի հետ 1992-էն 1994 մասնակցելով 30 մրցումներու եւ նշանակելով 11 կոլեր, եւ Ճուպիլօ Խուաթայի (Ճափոն) հետ 1994-էն 1997 մասնակցելով 78 մրցումներու եւ նշանակելով 56 կոլեր:
Ան Իտալիոյ ազգային խումբին հետ 1990-էն 1991 կատարած է 16 մրցումներ` նշանակելով 7 կոլեր:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ