MAP

FILE PHOTO: Democratic presidential nominee and U.S. Vice President Kamala Harris attends a campaign event in Madison

Արցախէն տեղահանուած հայերուն՝ իրենց տուները վերադառնալը չափազանց կարեւոր է. Քամալա Հերիս

Պէտք չէ երբեք մոռանանք Հայոց Ցեղասպանութիւնը, երբ շուրջ 1.5 միլիոն հայեր տեղահանուեցան, սպաննուեցան եւ քշուեցան դէպի մահուան երթ: Այս ողբերգութիւնը կը շարունակէ ձեւաւորել հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը։ Հայ-ամերիկեան համայնքին տոկունութիւնը կը մնայ ոգեշնչումի աղբիւր ամերիկեան մեր հաւաքական պատմութեան մէջ: Ես հաւատարիմ կը մնամ Հայաստանի եւ անոր դրացիներուն միջեւ կայուն խաղաղութեան հասնելու գաղափարին՝ ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան յարգանքի վրայ հիմնուած:

«Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած հայերուն՝ իրենց տուները ապահով վերադառնալու իրաւունքը կարեւոր է հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան վերականգնումին եւ տարածաշրջանին  կայունութեան համար, գրած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ, եւ նախագահի թեկնածու Քամալա Հերիս՝ Հայաստանի անկախութեան օրուան առիթով 23 Սեպտեմբեր թուակիր յայտարարութեան մէջ։

«Պէտք չէ երբեք մոռանանք Հայոց Ցեղասպանութիւնը, երբ շուրջ 1.5 միլիոն հայեր տեղահանուեցան, սպաննուեցան եւ քշուեցան դէպի մահուան երթ: Այս ողբերգութիւնը կը շարունակէ ձեւաւորել հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը։ Հայ-ամերիկեան համայնքին տոկունութիւնը կը մնայ ոգեշնչումի աղբիւր ամերիկեան մեր հաւաքական պատմութեան մէջ: Ես հաւատարիմ կը մնամ Հայաստանի եւ անոր դրացիներուն միջեւ կայուն խաղաղութեան հասնելու գաղափարին՝ ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան յարգանքի վրայ հիմնուած: Պիտի շարունակեմ աջակցիլ Հայաստանին՝ ժողովրդավարութիւնը ամրապնդելու եւ տարածաշրջանին մէջ կայունութիւն խթանելու ջանքերուն: Հայաստան եւ իր ժողովուրդը ունին հարուստ պատմութիւն, որ բոլորս կ՛ոգեշնչէ՝ ձգտելու ազատութեան եւ արդարութեան: Ես հաւատարիմ կը մնամ մեր ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւններու խորացման եւ գործընկերութեան ամրապնդման», կ՛ըսէ Հերիս։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2024, 08:32