«Կապիկի ծաղկախտի պարագային դիմակ կրելը պարտադիր չէ» Կ՛ըսէ առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Եւրոպայի շրջանային գրասենեակի ղեկավար Հանս Քլիւկէն ըսած է, որ ժահրը կը փոխանցուի մորթի հետ շփման միջոցով, մասնաւորաբար սեռային յարաբերութեան կամ վարակուած անասուն շոյելու ժամանակ:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը Կապիկի ծաղկախտի բռնկման համաճարակաբանական արտակարգ կացութեան պատճառով դիմակներ կրելը պարտադիր չի նկատեր:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Եւրոպայի շրջանային գրասենեակի ղեկավար Հանս Քլիւկէն ըսած է, որ ժահրը կը փոխանցուի մորթի հետ շփման միջոցով, մասնաւորաբար սեռային յարաբերութեան կամ վարակուած անասուն շոյելու ժամանակ:
Անոր համաձայն, Կապիկի ծաղկախտի նոր ալիքը եւրոպական երկիրներու համար նոյն վտանգը չի ներկայացներ, ինչ որ էր պարագան «Քովիտ-19» համաճարակին:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
23/08/2024, 09:04