Հունգարիան կը սպառնայ գաղթականներուն դէպի Պրիւքսել անվճար տոմս տալ
Հունգարիան Եւրոպական Միութեան կը սպառնայ անօրինական գաղթականներուն եւ տեղահանուածներուն դէպի Պրիւքսել մէկ ուղղութեամբ անվճար տոմս տալ` այդպիսով պատասխանելով անոնց ապաստան չտրամադրելու պատճառով Եւրոպական դատարանին կողմէ Հունգարիոյ վրայ մեծ տուգանքներ սահմանելու որոշումին:
Անցեալ յունիսին Եւրոպական դատարանը որոշած է Հունգարիան 200 միլիոն եւրոյով տուգանել Եւրոպական Միութեան մէջ ապաստան տրամադրելու կանոնները կանոնաւոր կերպով խախտելուն համար, բացի ատկէ, նաեւ օրական մէկ միլիոն եւրօ վճարել, մինչեւ որ Պուտափեշթը իր քաղաքականութիւնը համապատասխանեցնէ Եւրոպական Միութեան օրէնսդրութեան:
Հունգարիոյ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Սերկէյ Կույաշ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է, որ եթէ Պրիւքսել գաղթականներ կ՛ուզէ, կրնայ ունենալ:
«Եթէ Եւրոպական Միութիւնը շարունակէ Հունգարիոյ պարտադրել կանոններ, որոնք կարելիութիւն չեն տար գաղթականները կանգնեցնել սահմանին վրայ, ապա Հունգարիան իւրաքանչիւր գաղթականի դէպի Պրիւքսել անվճար փոխադրումը պիտի առաջարկէ», յայտարարած է Վիքթոր Օրպանի կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավարը:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ