Թել Աւիւի մէջ բեռնակառքի պայթում. Համաս ստանձնեց պատասխանատուութիւնը
Կիրակի գիշեր Թել Աւիւի հարաւը բեռնակառքի մը պայթումին պատճառով իսրայէլացի մը սպաննուեցաւ եւ ուրիշ մը վիրաւորուեցաւ: Ոստիկանութիւնն ու Իսրայէլի ներքին ընդհանուր ապահովութեան ծառայութիւնը` Շապաքը դէպքին շուրջ հետաքննութեան ձեռնարկեցին` ստուգելու համար, եթէ անիկա «ազգային խափանարարութիւն» է, եզր մը, որ ընդհանրապէս կ՛օգտագործուի իսրայէլեան թիրախներու դէմ պաղեստինցիներու յարձակումներուն ակնարկելու համար:
Թել Աւիւի ոստիկանութիւնը հաղորդեց, որ բեռնակառքին պայթեցման ընթացքին սպաննուածը ականուած գօտի կը կրէր, եւ անոր դիակի վիճակը արգելք կը հանդիսանայ ճշդելու գործողութեան մանրամասնութիւնները:
«Մաարիւ», մէջբերելով իսրայէլեան ոստիկանութիւնը, հաղորդեց, որ Թել Աւիւի պայթումը ականի հետեւանքով էր: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ գնահատականները կ՛ամրապնդեն այն վարկածը, թէ Իսրայէլի մայրաքաղաքին մէջ բեռնակառքի պայթումը խափանարարական արարք էր:
Իսրայէլեան ոստիկանութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց. «Այն, ինչ որ երէկ Թել Աւիւի մէջ տեղի ունեցաւ, դժուար ու վտանգաւոր է, եւ Շապաքի ու ոստիկանութեան հետաքննութիւնները կը շարունակուին»:
«Թել Աւիւի յարձակումը 99 առ հարիւրով ահաբեկչական է, եւ մեծ հրաշք պատահեցաւ, որ տասնեակներով զոհերու չյանգեցաւ», աւելցուց ոստիկանութիւնը:
Նախքան այդ, իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդած էր, որ Թել Աւիւի պայթումը քաղաքի ոստիկանութեան եւ Շապաքի համար առեղծուած է:
Օրաթերրթը նշեց, որ հակառակ այն իրողութեան, որ հետաքննութիւնը տակաւին իր սկզբնական փուլին մէջ է, այսուհանդերձ հետաքննիչները կը փորձեն շարք մը վարկածներ հետաքննել, եւ յստակ չէ, թէ պայթումին ետին ո՛վ կը կանգնի:
Համասի զինուորական թեւ Քասսամի փաղանգները ստանձնեցին «անձնասպանական գործողութեան» պատասխանատուութիւնը` նշելով, որ գործողութիւնը կատարուած է Իսլամական ժիհատի զինեալ թեւ Սարայա Քուտսի հետ գործակցաբար:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ