MAP

2023.08.07 Terzo anniversario dell'esplosione del porto di Beirut

Պէյրութի Նաւահանգիստի պայթումի օրուան առիթով կեցուածքներ

ՄԱԿ-Ի Ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Ճընին Հենըսի յայտարարեց. «Կը կանգնինք Պէյրութի պայթումի զոհերուն հարազատներուն կողքին, որոնք շուրջ 4 տարի առաջ պատահած դէպքին շուրջ յստակ կեցուածք կը պահանջեն»:

–  ՖՐԱՆՍԱՅԻ նախագահ Էմանուել Մաքրոն Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին 4-րդ տարելիցին առիթով յայտնեց. «Պայթումէն չորս տարի ետք, տակաւին մտքերս լիբանանցիներուն հետ են»: Ան ընդգծեց «Լիբանանի կողքին կանգնելու եւ բոլոր զոհերուն արդարութեան մեր պահանջին նկատմամբ Ֆրանսայի հաստատ յանձնառութիւնը»:

–  ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ պապը անդրադարձաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին, նշելով, որ այսօր եւս լիբանանցի ժողովուրդը շատ կը տառապի, եւ ինք մասնաւորաբար կը մտածէ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերու ընտանիքներուն մասին:

Ան յոյս յայտնեց, որ շուտով կարելի ըլլայ արդարութեան եւ ճշմարտութեան հասնիլ:

–  ՄԱԿ-Ի Ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Ճընին Հենըսի յայտարարեց. «Կը կանգնինք Պէյրութի պայթումի զոհերուն հարազատներուն կողքին, որոնք շուրջ 4 տարի առաջ պատահած դէպքին շուրջ յստակ կեցուածք կը պահանջեն»:

Ան նշեց, որ ինք հրշէջներու կեդրոնին մէջ կը գտնուի` ՄԱԿ-ի զօրակցութիւնը յայտնելու համար, եւ «արդարութիւնը պէտք է կատարուի»: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ատիկա ինչպէ՞ս պէտք է կատարուի, ան ըսաւ .«Հետագային ատոր մասին կը խօսինք, սակայն կը յայտնեմ, որ արդարութիւնը պէտք է կատարուի:

–  ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Յակոբ Թերզեան յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը «դարաշրջանի ոճիրն է, եւ արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը պահանջող ձայնը բացակայ է կամ լուսանցքայնացուած, իսկ արբանեակային եւ օդային լուսանկարները տակաւին ծածկուած են: Անիկա ամօթի խարան է ճակատին վրայ իւրաքանչիւր մարդու, որ կը թաքցնէ հետաքննութեան նպաստող ճշմարտութիւնները, ոչ թէ որպէսզի նահատակները իրենց հարազատներուն վերադառնան, այլ որոշ չափով ամոքելու համար սգակիր հարազատներուն վէրքերը` գիտնալով անմեղները սպաննած այս ոճիրին հեղինակի ինքնութեան մասին ճշմարտութիւնը: Ճշմարտութիւնը կ՛ուզենք, ոչ ուրիշ բան` ըսելու համար, որ կը գտնուինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, որ կը պաշտպանէ իրաւունքը եւ կը պահպանէ զայն, որպէսզի չկրկնուի ողբերգութիւնը ժողովուրդի մը, որուն միակ յանցանքը հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն ու վտանգներուն իր հայրենիքին մէջ մնալու կամքն է»:

–  ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ Ռայի պատրիարք. «Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին շուրջ միջազգային հետաքննութիւն կը պահանջենք, քանի տակաւին տեղական հետաքննութիւնը խանգարուած է»:

–  ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց. «Նաւահանգիստի ոճիրէն չորս տարի անցաւ, եւ տակաւին ճշմարտութեան որոնումը ընթացքի մէջ է: Միայն արդարադատութիւնը կրնայ մահացած եւ կենդանի նահատակներուն արդարութիւն բերել ու Պէյրութին որոշակի փայլք հաղորդել»:

–  ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ. «Յստակ է, թէ 4 օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած ոճիրին իրականութիւնը չբացայայտելու «արտաքին-ներքին» համամտութիւն մը կայ, եւ պնդում` արտաքին որեւէ հետախուզութեան ծառայութեան կողմէ տեղեկութիւններ կամ արբանեակային որեւէ լուսանկար չտրամադրելու, եւ ատոր կողքին Լիբանանի մէջ արդարադատական հոլովոյթը կասեցնելու պնդում մը»:

«Երբ այս մեծ համամտութիւնը կայ, հարցը անփութութենէ եւ պարտականութեան մէջ թերացումէ աւելին կ՛ըլլայ», աւելցուց ան` հարց տալով. «Կրնա՞յ զոհերուն եւ վիրաւորներուն հարազատներուն, վնասուածներուն եւ բոլոր լիբանանցիներուն համար ճշմարտութիւնը գիտնալու յոյս մնալ: Լիբանանի դատաւորներուն, մասնաւորաբար անոնցմէ առնչակիցներուն եւ առաջին առնչակիցին կոչ կ՛ուղղենք` կատարելու իրենց աշխատանքը` հրապարակելու համար ամբաստանագիր, այլապէս թող ամչնան եւ իրենց տուները երթան»:

–  ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան տեղեկատուական մարմին. «Արդարութիւնը հաստատօրէն պիտի հաստատուի, եւ մենք անոր վկաները պիտի ըլլանք: Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն չորս տարի անցած է, եւ արդարադատութիւնը ջլատուած է, իսկ հաշուետուութիւնը, բացակայ: Անիկա ազգային դատն է, որ չի մոռցուիր, հակառակ ահաբեկման եւ պահանջուած պետութեան, որ բացակայ ու առեւանգուած է, եւ արդարադատութիւնը անկարող է հակազդելու»:

«Իւրաքանչիւր հայրենասէր լիբանանցիի պարտաւորութիւնն է դատը խղճերուն, սրտերուն մէջ կենդանի պահել», նշեց Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը:

–  ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախարար Ղասսան Հասպանի.«Արդարութիւնը պիտի հաստատուի, թէկուզ քիչ մը ուշ, եւ անիկա տարբեր ձեւերով կու գայ: 4 օգոստոսին մեր աղօթքները կը բարձրացնենք նահատակներուն հոգիներուն հանգիստ, հարազատներուն, վիրաւորներուն ու վնասուածներուն համբերութիւն խնդրելով»:

–  ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա նշեց. «Այսօր 4 օգոստոս է. լիբանանցի ժողովուրդը, այդ օր սուղ գին վճարածներէ բացի մնացեալը, կը յիշե՞ն այս օր ի՛նչ տեղի ունեցաւ: Քաղաքական ու կրօնական պատասխանատուներու միակ մտածումը անօգուտ ջանքերէ ետք ամրան շրջանը ո՛ւր անցընելն է կամ օծումը սուրբի մը, որ ամբողջ կեանքը նուիրեց ժողովուրդի ծառայութեան եւ հետաքրքուած չէ այս բոլոր տօնախմբութիւններով»:

«Իսկ ուրիշներուն միակ մտածումը Ամրօ Տիապի, Ահմետ Ռամատանի, Հայֆա Ուեհպէի եւ ուրիշներու երգահաանդէսներն են: Անոնք մոռցան, թէ եղբայր քաղաքացիներ կան, որոնք դարուս պայթումին մէջ մահացան եւ մինչեւ հիմա այս ջարդին կամ իրենց դրամները գողցածին մասին տեղեկութիւններ չկան: Ժողովուրդ մը, որ իր նահատակները կը մոռնայ եւ անոր պատասխանատուները չի պատժեր, ո՛չ յարգանքի, ո՛չ արժանապատուութեան: Ժողովուրդ մը, որ կը պարէ լուրերու եւ պորտապարի երաժշտութեան վրայ»:

–  ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան եւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ յայտնեց. «Ճշմարտութիւնը պէտք է բացայայտուի եւ արդարութիւն կատարուի Պէյրութի նաւահանգիստի դատին մէջ, առ ի արդարութիւն նահատակներուն, վիրաւորուածներուն, վնասուածներուն, առ  ի արդարութիւն բոլոր լիբանանցիներուն»:

–  ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց. «Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցածի ճշմարտութիւնը գիտնալու եւ մեղսակիցները պատժելու համար արդար ու չքաղաքականացուած արդարադատութեան աշխատանքին աջակցելու եւ զօրավիգ կանգնելու, ինչպէս նաեւ օրէնքի կիրարկման կողքին կանգնելու Ամալ շարժումի կեցուածքը հաստատ է»:

«Բոլոր անոնց, որոնք փորձեցին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մէջ ճշմարտութիւնը թաքցնել, կ՛ըսենք, որ նաւահանգիստի մէջ Ամալ շարժումին անդամ նահատակներ կան: Մենք կ՛ուզենք ամբողջ ճշմարտութիւնը գիտնալ, եւ գիտնալ, թէ ո՛վ նիթրաթը բերաւ, ո՛վ է այդ նիւթին տէրը, ի՛նչ է զայն բերելու եւ տարիներով նաւահանգիստին մէջ ձգելու նպատակը, ինչպէս նաեւ մենք բոլորը անձեռնմխելիութենէ զրկելու կողքին ենք, որովհետեւ միայն նահատակներուն արիւնը անձեռնմխելի է: Այն ինչ որ տեղի ունեցաւ լիբանանեան մտահոգութիւն է եւ լիբանանեան հարց, որ բոլոր համայնքներէն, քաղաքականութիւններէն եւ շրջաններէն վեր է»:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/08/2024, 07:45