MAP

«Թելեկրամ» ընկերային ցանցի հիմնադիր, ռուս միլիառատէր Փաւել Թուրովը: «Թելեկրամ» ընկերային ցանցի հիմնադիր, ռուս միլիառատէր Փաւել Թուրովը:  (ANSA)

Փարիզի մէջ ձերբակալուած է «Թելեկրամ» ընկերային ցանցի հիմնադիրը

Ֆրանսական «Թէ.Էֆ.1» եւ «Պէ.Էֆ.Էմ.» պատկերասփիւռի կայանները հաղորդեցին, որ Փարիզի Պուրժէ օդակայանին մէջ ձերբակալուած է «Թելեկրամ» ընկերային ցանցի հիմնադիր, ռուս միլիառատէր Փաւել Թուրովը:

Ֆրանսական «Թէ.Էֆ.1» եւ «Պէ.Էֆ.Էմ.» պատկերասփիւռի կայանները հաղորդեցին, որ Փարիզի Պուրժէ օդակայանին մէջ ձերբակալուած է «Թելեկրամ» ընկերային ցանցի հիմնադիր, ռուս միլիառատէր Փաւել Թուրովը:

Ան անձնական օդանաւով կնոջ եւ թիկնապահներու ընկերակցութեամբ Ազրպէյճանէն հասած էր Փարիզ:

Ըստ նախնական տեղեկութիւններու, Թուրով կը մեղադրուի թմրեցուցիչներու ապօրինի շրջանառութեան, երեխաներու նկատմամբ յանցագործութիւններու եւ խարդախութեան նպաստելու համար, որովհետեւ «Թելեկրամ» ընկերային ցանցը մերժած է համագործակցիլ իրաւապահներու հետ:

«Թէ.Էֆ.1»-ի հաղորդումով` ան կրնայ մինչեւ 20 տարի բանտարկութեան դատապարտուիլ: Աղբիւրը կը նշէ, որ Թուրով գիտէր Ֆրանսայի մէջ անցանկալի անձ ըլլալը, ատոր համար հազուադէպ կը ճամբորդէր Եւրոպա:

39 տարեկան Թուրով 2021 թուականէն ի վեր Ֆրանսայի քաղաքացի է:

«Թելեկրամ»-ը յուլիս 2024-ի տուեալներով ունի աւելի քան 950 միլիոն ամսական գործօն օգտատէր:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Փարիզի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը Ֆրանսայի իշխանութիւններէն պահանջած է անյապաղ պարզաբանել Թելեկրամի հիմնադիրի ձերբակալման պատճառները:

Դեսպանատունը Փարիզէն պահանջած է ապահովել ձերբակալեալի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ անոր հիւպատոսական հասանելիութիւն տրամադրել: Այս պահուն ֆրանսական կողմը կը խուսափի համագործակցութենէ:

Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ «Թելեկրամ»-ի վրայ գրեց, որ Թուրով ճակատագրական սխալ գործեց, երբ «աշխարհի մարդ» դառնալու համար Ռուսիայէն հեռացաւ` նշելով, որ Արեւմուտքի համար գործարարը կը շարունակէ «վտանգաւոր ռուս» մնալ:

Մետվետեւ յիշեցուցած է իր զրոյցը Թուրովի հետ, որ հրաժարած էր համագործակցիլ իրաւապահ մարմիններու հետ ծանր յանցագործութիւններու վերաբերեալ եւ լքած Ռուսիան:

«Ես կ՛ուզէի ըլլալ աշխարհի մարդ, որ լաւ կ՛ապրի առանց իր հայրենիքին: Հայրենիքը այնտեղ է, ուր լաւ է», Մետվետեւին ըսած է Թուրով:

«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ ամերիկացի միլիառատէր, «Էքս» ընկերային ցանցի հիմնադիր Իլոն Մասք Թուրովի ձերբակալութենէն ետք չէ բացառած իրեն պատկանող «Էքս»-ի դէմ եւս քայլերը:

Թուրովի ձերբակալութենէն ետք ամերիկացի գործարար Վիվեք Ռամասւամին «Էքս»-ի վրայ գրած է. «Այսօր «Թելեկրամ»-ը, վաղը «Էքս»-ը պիտի ըլլայ»:

Մասք այս գրառման արձագանգած է կրկնակի ընդգծուած 100 թիւով:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/08/2024, 08:42